Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Զեղչ Վաճառք Մարզիկներու

July 26, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹՈՐԳՈՄ

Տարուէ տարի աւելի կը շեշտուի այն երեւոյթը, որ մարզիկները խորքին մէջ անհատներ, էակներ չեն, այլ` դաշտերուն վրայ գործող մեքենաներ (մէկը նմանցուցած էր կլատիաթորներու) եւ շուկայի, սակարաններու մէջ առ ու ծախի ապրանքներ, որոնց գիները հետզհետէ յաւելում կ՛արձանագրեն: Ներկայիս կշռոյթով դժուար է պատկերացնել, թէ գիները ո՞ւր պիտի հասնին, ո՞ւր կանգ պիտի առնեն (եթէ անշուշտ կանգ պիտի առնեն):

Այս շաբաթներուն մարզիկներու առ ու ծախի շուկային մէջ եռուզեռը աւելի քան ակներեւ է, հակառակ համաշխարհային տնտեսական տագնապին եւ զեղչ վաճառքի չգոյութեան:

Անշուշտ զեղչ վաճառքի խօսք իսկ չի կրնար ըլլալ: Մարզիկներու բոլոր տեսակի վաճառականները` ակումբներ, մարզիչներ, գործակալներ, ֆետերասիոններու անդամներ, գրաւի ընկերութիւններ, խաւարի եւ խաւարած ասպետներ, բոլորն ալ լռելեայն ընդունած են, որ այս ասպարէզին մէջ անգիր օրէնք կայ. զեղչ վաճառք չկայ:

Որո՞ւն հոգը, թէ մարզիկները իսկապէս արժանի՞ են այդ աստղաբաշխական գումարներուն: Պահանջողը կայ եւ վճարողը կայ:

Paul-Pogba-France-Euro-2016-680259

Իտալական Եուվենթուս ֆութպոլի ակումբին եւ Ֆրանսայի ազգային հաւաքականի միջնապահ Փոլ Փոկպան «վաճառելու» համար իտալացի մաֆիոզները 130 միլիոն եւրօ պահանջած են: Մանչեսթըր Եունայթըտի նոր մարզիչը` Մորինիօ, կ՛ուզէ, որ ակումբը անպայման «գնէ» Փոկպան, սակայն պատասխանատուները կը տնտնան, կը տատամսին: Անցեալ ուրբաթ Մանչեսթըր Եունայթըտ բարեկամական մրցումի մը 4-1 արդիւնքով պարտուեցաւ: Չի՞ կրնար ըլլալ, որ Մորինիոյին մատը ըլլայ այս ծանր պարտութեան մէջ, պատասխանատուներուն ըսելու համար. «Տեսէ՛ք  հա, պէտք ունինք Փոկպային»:

Մարզական աշխարհին մէջ մարմնամարզէ աւելի այլ հաշիւներ այլեւս կ՛իշխեն: Ոչինչ բացառուած է:

Իսկ մարզիկ մը կրնա՞յ 100 միլիոն եւրօ արժել: Ո՞վ կրնայ որոշել. միայն… սակարանը եւ մաֆիան:

Հնադարեան գերիներու եւ ձիերու նման, մարզիկը որքան երիտասարդ ըլլայ, որքան արագ եւ հուժկու, այնքան աւելի սուղ կ՛արժէ, այնքան աւելի աշխատավարձ կը ստանայ, այնքան աւելի զեխ կեանք կ՛ապրի:

Բնականաբար կանուխ տարիքէն այդքան խոշոր գումարներու տիրանալով, կը խաթարուի մարզիկին նկարագիրը:

Արդէն ներկայիս պէտք է հարցնել. մարմնամարզը նկարագիր կերտո՞ղ, թէ՞ նկարագիր բացայայտող է:

Իսկ այս պարագային ամէն բան այլեւս զեղչուած եւ վաճառուած է:

 

 

Նախորդը

Հայաստան Չի Մասնակցիր Պաքուի Ճատրակի Համաշխարհային Ողիմպիականին

Յաջորդը

Ներքին Օգտագործման Զէնքը Եւ Արիւնը Անհամատեղելի Են

RelatedPosts

Պասքեթպոլ. Սաժես` Արաբական Ակումբներու Ախոյեան. Ռիատի` Շապապ Ահլիի Մրցաշարքի Ախոյեան
Մարզական

Պասքեթպոլ. Սաժես` Արաբական Ակումբներու Ախոյեան. Ռիատի` Շապապ Ահլիի Մրցաշարքի Ախոյեան

October 23, 2026
Բռնցքամարտ.  Խաչիկ Բաբայեան Մետալ Մը  Եւս Ապահովեց Ի Նպաստ Հայաստանի
Մարզական

Բռնցքամարտ. Խաչիկ Բաբայեան Մետալ Մը Եւս Ապահովեց Ի Նպաստ Հայաստանի

October 23, 2026
Ըմբշամարտ.  Հայաստան 9 Մետալներ Շահեցաւ Վրաստանի Մէջ
Մարզական

Ըմբշամարտ. Հայաստան 9 Մետալներ Շահեցաւ Վրաստանի Մէջ

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.