Մանչեսթըր Եունայթըտի նորեկ, Հայաստանի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան վստահ չէ, որ կ՛ունենայ մնայուն տեղ անգլիական խումբի հիմնական կազմին մէջ:
«Նշանակութիւն չունի, թէ որքա՛ն վճարած են իմ փոխանցումիս համար` 38 միլիոն կամ 40 միլիոն, ես երաշխաւորուած տեղ չունիմ հիմնական կազմին մէջ: Ես կը ձգտիմ ընել առաւելագոյնը մարզումներու ժամանակ, որպէսզի նուաճեմ տեղս: Յառաջիկային կը տեսնենք` կը խաղա՞մ ամէն խաղի, թէ՞ ոչ: Ատիկա կախուած է մարտավարական իրավիճակէն, կախուած է մրցակիցէն: Բայց ես կ՛ընեմ կարելին, որպէսզի օգնեմ խումբիս», ըսաւ Հենրիխ Մխիթարեան` «Կարտիըն» թերթին հետ զրոյցին ընթացքին:
«Իմ երազս միշտ եղած է Փրեմիըր Լիկին (Անգլիոյ բարձրագոյն դասակարգ) մէջ խաղալը: Եւ վերջապէս, ես կատարեցի իմ երազս: Այժմ շատ ուրախ եմ խաղալ այս տարազով: Մանչեսթըր Եունայթըտ եղած է այն խումբերէն մէկը, որուն համակիր եղած եմ մանկութեանս տարիներուն: Երազս է այսպիսի մեծ ակումբի մէջ խաղալը:
«Ես ոչինչ կը խոստանամ: Ես միշտ կ՛ըսեմ, որ կը ձգտիմ ընել: Ասիկա նոր մարտահրաւէր է ինծի համար, ես կը սիրեմ դժուարութիւնները: Ես կը սիրեմ յաղթահարել դժուարութիւններ, որովհետեւ երբ կը յաղթահարես, դուն կը դառնաս աւելի ուժեղ:
«Եթէ անկեղծ ըլլանք, ինծի համար նշանակութիւն չունի, թէ ո՛ր դիրքին վրայ կը խաղամ: Ես կը սիրեմ յարձակողի դիրքը, եզրային միջնապահի, յարձակողական միջնապահի: Այդ ամէնը կախուած է մարզիչին որոշումէն», ըսաւ Մխիթարեան:
Ան նաեւ ըսաւ, որ իր երազը եղած է շարունակել կեանքէն կանուխ հեռացած հօր գործը, դառնալ ֆութպոլիստ:
«Հայրս իմ ներշնչանքս էր եւ մղում տուողը: Ես երեխայ էի, ան կը խաղար արհեստավարժ ֆութպոլ, եւ ես միշտ կ՛երազէի անոր հետ երթալ մարզումներու: Կեանքը կը շարունակուի, եւ ես յոյս ունիմ, որ ան կը հպարտանայ նայելով ինծի երկինքէն: Ես կը ձգտիմ ընել ամէն բան, որպէսզի ան հպարտ ըլլայ ինձմով: Ես տխուր եմ, որովհետեւ կը կարծեմ` ան կ՛օգնէր ինծի իր խօսքերով եւ աջակցութեամբ, բայց այս է կեանքը:
«Ես կը ձգտիմ ընել ամէն բան իմ ընտանիքիս եւ ընկերներուս համար, որոնք կը դիտեն իմ իւրաքանչիւր խաղս: Իմ մայրս եղած է ինծի համար նաեւ հայր: Ես երախտապարտ եմ անոր եւ բոլոր այն մարդոց, որոնք կեանքիս դժուար պահերուն եղած են իմ կողքիս: Մենք ֆութպոլային ընտանիք ենք: Մայրս կ՛աշխատի Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մէջ, քոյրս` ԵՈՒԷՖԱ-ի մէջ է», ըսաւ Հենրիխ Մխիթարեան:
Համլեթ Մխիթարեան մահացած է 33 տարեկանին, երբ որդին` Հենրիխ 7 տարեկան էր: