Հայաստանը ներկայացնող մարզիկներ` ծանրաբարձները, աթլեթներն ու լողորդները երէկ հասան Պրազիլ, ուր պիտի մասնակցին 5 օգոստոսին սկսելիք Ռիօ- 2016 ողիմպիական խաղերուն:
«Համոզուած եմ, որ այս ողիմպիական խաղերուն մէջ հայ մարզիկները լաւ արդիւնքներ պիտի արձանագրեն եւ յաղթանակներով պիտի վերադառնան: Մեր ժողովուրդը կը սիրէ մարմնամարզը եւ կը սպասէ այդ յաղթանակներուն», այս մասին ըսաւ մէկ քայլ ոստումի Եւրոպայի, Խորհրդային Միութեան բազմակի ախոյեան, Եւրոպայի մրցանշակիր, Հայաստանի աթլեթի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոպերթ Էմմիեան, որ կ՛ընկերանայ մարզիկներուն:
«Ողիմպիական այս խաղերուն մենք մրցանշային թիւով կը մասնակցինք` վեց աթլեթներով: Նախապէս ամէնէն շատը չորս աթլեթներով մասնակցած ենք: Զիս կ՛ուրախացնէ, որ մեր մասնակիցներուն քանակը կ՛աւելնայ: Ատիկա կը խօսի Հայաստանի մէջ աթլեթի մարզաձեւի զարգացման մասին: Ակնկալութիւններով կը մեկնինք, մեր մարզիկները (աղջիկներն ու տղաքը) երիտասարդներ են, ասիկա անոնց համար լաւագոյն կարելիութիւնն է: Յոյս ունիմ, որ բարձր արդիւնքներ կը ցուցաբերեն մեր աթլեթները: Մեր խումբը անցած է մարզումներու քանի մը փուլէ` Հայաստանի մէջ եւ դուրսը: Մարզումները կը շարունակուին նաեւ Ռիոյի մէջ: Ամէն բան հրաշալի կազմակերպուած է », ըսաւ Ռոպերթ Էմմիեան:
Հայաստանի պատուիրակութեան մաս կը կազմեն ծանրաբարձներ Ռուբէն Ալեքսանեան, Գոռ Մինասեան, Անդրանիկ Կարապետեան, Սիմոն Մարտիրոսեան, Առաքել Միրզոյեան եւ պահեստային Վանիկ Աւետիսեան: Կիներու խումբը` Նազիկ Ավտալեան եւ Սոնա Պօղոսեան: Աթլեթներ` Ամալիա Շառոյեան, Տիանա Խուպէսերեան, Լիլիթ Յարութիւնեան, Գայեանէ Չիլոյեան, Գոռ Ներկարանեան եւ Լեւոն Աղասեան: Լողորդներ` Վահան Մխիթարեան եւ Մոնիքա Վասիլեան:
Հայաստանի ողիմպիական խումբի երկրորդ կազմը` բռնցքամարտիկներն ու հրաձիգ Հրաչ Բաբայեան են, իսկ մարմնամարզիկներն են Յարութիւն Մերտինեան եւ Արթուր Դաւթեան:
5 օգոստոսին բացման արարողութեան Հայաստանի պատուիրակութիւնը շքերթին պիտի մասնակցի 35 ներկայացուցիչներով: Ողիմպիական խաղերու բացման շքերթին Հայաստանի դրօշը պիտի կրէ Վահան Մխիթարեան: