Լիբանանի ճատրակի ակումբներու ախոյեանութեան մրցումները, որոնք սկսան ուրբաթ, 22 յուլիսին, մեծ խանդավառութեամբ կը շարունակուին 10 խումբերու մասնակցութեամբ: Երէկ` երեքշաբթի, 26 յուլիսին, ՀՄԸՄ լիբանանեան բանակի հաւաքականին դէմ տարաւ 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը: ՀՄԸՄ-ի ճատրակի վարպետներն ու պատասխանատուները վճռական տրամադրուած են, եւ Անսարէն ետք ՀՄԸՄ կը գտնուի երկրորդ դիրքին վրայ: Վճռորոշ մրցումը տեղի պիտի ունենայ Անսարին դէմ, վաղը` հինգշաբթի, 28 յուլիսին:
Ստորեւ` ՀՄԸՄ-ի կազմը.
Աւետիք Գրիգորեան, Քրիսթոֆըր Ռեփքա, Րաֆֆի Ճիկերեան, Հրայր Պրունսուզեան, Հրակ Լախեան, Ժիրայր Օգնայեան, Ռազմիկ Օգնայեան, տոքթ. Գէորգ Թերզեան, Յովիկ Թոթոսեան, Յովիկ Արամալի, Գէորգ Կոստանեան եւ Էլի Յակոբեան: