Մարզական

Վազքի Մրցում` Հասպայայի Մէջ.  Լեւոն Թաշճեան Հանդիսացաւ Առաջին

Վազքի Մրցում` Հասպայայի Մէջ. Լեւոն Թաշճեան Հանդիսացաւ Առաջին

Երէկ` կիրակի, 24 յուլիսին, Հարաւային Լիբանանի Հասպայա շրջանին Հարամուն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ 10 քմ վազքի մրցում մը` «Վազենք յանուն կեանքի» անուան տակ: Վազքի այս մրցումը կը հովանաւորէր երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի: 10 քմ վազքի այս մրցումին մասնակցեցան 2700-է աւելի երկսեռ մարզիկներ Լիբանանեան բանակէն, Ֆիւնիւլի ուժերէն, մարզական տարբեր ակումբներէ եւ շարք մը վարժարաններէ: Ներկայ էր նաեւ ՀՄԸՄ...

Քոնկ Ֆու. Հայկ Գասպարեան` Աշխարհի Ախոյեան, Յաղթելէ Ետք Ազրպէյճանցի Ալլահվերտիեւի

Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) շարունակուող Քոնկ ֆուի աշխարհի ախոյեանութեան երրորդ օրը, Հայաստան տիրացաւ չորս ոսկի մետալի: Ախոյեաններէն մէկը` 55 քկ դասակարգին մէջ Հայկ Գասպարեան (17-19 տարիքային խումբ), աւարտականին յաղթեց իր ազրպէյճանցի մրցակիցին` Օմար Ալլահվերտիեւի: Իր արձանագրած այս կարեւոր նուաճումէն ետք Գասպարեան ըսաւ. «Անկախ մրցակիցին ազգութենէն, միշտ մրցասպարէզ կ՛ելլեմ առաւելագոյն ձեւով կեդրոնացած: Սակայն աւարտական այս ճակատումին, թէեւ չէի թերագնահատեր մրցակիցը, բայց ամէն...

Պասքեթպոլ. Հայաստանի Հաւաքականը Յաղթեց Պուլկարիոյ

Յունաստանի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի պասքեթպոլի 20 տարեկանէն վար տղոց ախոյեանութեան Բ. դասակարգին մէջ, Հայաստանի հաւաքականը երէկ աւարտեց իր ելոյթները: Իր կատարած վերջին մրցումին, հայկական խումբը 65-61 արդիւնքով յաղթեց Պուլկարիոյ: Հայաստանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Սթիւըն Էնոչ` 23 կէտ եւ 16 ռիպաունտ: Այսպիսով, Հայաստանի հաւաքականը կատարեց 6 մրցում եւ արձանագրելով 3 յաղթանակ գրաւեց 17-րդ դիրքը, երէկ յայտնեց ArmSport.am:  

«Թուր Տը Ֆրանս».  Անգլիացի Քրիս Ֆրում Տիրացաւ Տիտղոսին

«Թուր Տը Ֆրանս». Անգլիացի Քրիս Ֆրում Տիրացաւ Տիտղոսին

Քրիս Ֆրում Երէկ` կիրակի, 24 յուլիսին, աւարտեցաւ Ֆրանսայի հեծելարշաւի շրջավազքը` «Թուր տը ֆրանս»-ը, երբ տեղի ունեցաւ վերջին հանգրուանի մրցումը` Շանթիլիէն Փարիզ (113 քմ): Անտրէ Կրէյփել Անիկա աւարտեցաւ գերմանացի Անտրէ Կրէյփելի յաղթանակով: Վերջինս ժամանման գիծ հասաւ արձանագրելով 2 ժամ 43' 08" արդիւնք մը: Սակայն «Թուր տը ֆրանս»-ի տիտղոսին տիրացաւ անգլիացի Քրիս Ֆրում, որ երրորդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ այս շրջավազքին տիտղոսակիրը: «Թիմ...

Պասքեթպոլ.  Տիւրընթի Մարզաշապիկները Կը Ծախուին Աննախադէպ Գինով

Պասքեթպոլ. Տիւրընթի Մարզաշապիկները Կը Ծախուին Աննախադէպ Գինով

Օքլահոմա քաղաքին խանութներէն մէկը սկսած է Քեւին Տիւրընթի մարզաշապիկները ծախել 48 սենթով, կը յայտնէ ESPN.com: Այդ մարզաշապիկներուն սովորական գինը 70 ամերիկեան տոլար է: Այս ամրան 27 տարեկան ամերիկացին 9 տարի Օքլահոմա Սիթիին մաս կազմելէ ետք միացաւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի: Իր նոր ակումբին հետ Տիւրընթ կնքեց 2 տարուան պայմանագրութիւն մը` փոխան 54,3 միլիոն ամերիկեան տոլարի:  

Միջազգային Ֆութպոլ. Սեմ Էլըրտայս Նշանակուեցաւ Անգլիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Նոր Մարզիչ

Պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ, Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Սեմ Էլըրտայս նշանակուեցաւ Անգլիոյ նոր մարզիչ` լքելով իր ակումբը` Սանտըրլենտը: Նշենք, որ անոր ակումբը, ըստ անգլիական մամուլին, պիտի ստանայ 3 միլիոն եւրօ` իբրեւ փոխհատուցում: 61 տարեկան մարզիչը իր առաջին պաշտօնական մրցումը պիտի կատարէ 1 սեպտեմբերին, «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ, ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին:

Վազքի Մրցում. Ամերիկացի Քենտրա Հերիսըն Աշխարհի Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց

Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցող Հարտըլզ Տայըմընտ լիկ-2016-ի 100 մեթր վազքի արգելարշաւի մրցումներուն, ամերիկացի Քենտրա Հերիսըն աշխարհի նոր մրցանիշ մը հաստատեց, երբ արձանագրեց 12" 20 արդիւնք մը: Երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին անոր ազգակիցները` Պրիանա Ռոլինս (12" 57) եւ Քրիսթի Քասթլին (12" 59): Նշենք, որ նախկին մրցանիշը հաստատուած էր 20 օգոստոս 1988-ին, երբ պուլկարացի Եորտանա Տոնքովա արձանագրած էր 12" 21 արդիւնք...

Պասքեթպոլ. Ասիոյ 18 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Լիբանան Ջախջախիչ Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Ղազախստանի Դէմ` 97-37 Արդիւնքով

Լիբանանի տղոց 18 տարեկանէն վար կրտսերներու պասքեթպոլի ազգային խումբը բաւական տպաւորիչ եւ փայլուն յաղթանակով մը սկսաւ Ասիոյ 18 տարեկանէն վար տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը, երբ 97-37 արդիւնքով (24-11, 51-22, 76-29 եւ 97-37) ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Ղազախստանի դէմ` Բ. խմբակին մէջ: Լիբանանի մարզիչ Ճօ Մուժահես այս մրցումին դաշտ ներկայացուց իր բոլոր մարզիկներն ալ` նկատի ունենալով, որ մրցումը եղաւ միակողմանի, լիբանանցիներուն մեծ...

«Ոսկի Մետալին Մասին Կը Մտածեմ» Կ՛ըսէ Արսէն Ջուլֆալակեան

Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերուն մեկնելէ առաջ, յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Արսէն Ջուլֆալակեան խօսեցաւ կատարուած նախապատրաստական աշխատանքներուն, ընելիքներուն եւ ակնկալութիւններուն մասին: ArmSport.am իր հրապարակած լուրին մէջ կը մէջբերէ Ջուլֆալակեանի հետեւեալ խօսքերը. «4 տարի առաջ, Լոնտոնի ողիմպիականէն անմիջապէս ետք, սկսանք նախապատրաստուիլ 2016-ի ողիմպիականին: Նախապատրաստական ընթացքը լաւ անցաւ: «Ողիմպիականի արծաթ մետալ ունիմ: Այժմ ոսկի մետալին մասին կը մտածեմ: Անիմաստ է նոյն տեղը մնալ կամ նահանջ...

Մանչեսթըր Եունայթըտ 4-1 Արդիւնքով Ծանր Պարտութիւն Մը Կրեց Պորուսիա Տորթմունտէն. Մխիթարեան` Եունայթըտի Միակ Կոլի Հեղինակ

Չինաստանի Շանկհայ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Ինթըրնեշընըլ Չեմփիընզ Քափ»-ի Մանչեսթըր Եունայթըտ - Պորուսիա Տորթմունտ ճակատումը: Գերմանական կազմը Ա. կիսախաղին նշանակեց երկու կոլ` շնորհիւ Կոնզալօ Քասթրոյի (19-րդ) եւ Փիեռ Էմերիք Օպամեյանկի (36-րդ` փենալթիով): 57-րդ վայրկեանին Ուսմանէ Տեմպելէ արդիւնքը վերածեց 3-0-ի: Սակայն երկու վայրկեան ետք անգլիական ակումբի նորեկ միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան նշանակեց կոլ մը, որ եղաւ առաջինը Մանչեսթըրի հետ: Նշենք, որ ան...

Կարէն Յարութիւնեան Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Պիտի Շարունակէ Մալեզիոյ Մէջ

Նախորդ ամսուան կիսուն Փիւնիկ Երեւանի հետ իր պայմանագրութիւնը խզած 22 տարեկան միջնապահ Կարէն Յարութիւնեան տեղափոխուեցաւ Մալեզիա: Ինչպէս կը տեղեկացնէ Goal.com կայքը, երիտասարդ ֆութպոլիստը իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Թերենքանու խումբին հետ` փոխարինելով Կուսթաւօ Լոփեսը, որ ծանր վնասուածք ստացած է: Նշենք, որ Մալեզիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանին Թերենքանու գրաւեց 4-րդ դիրքը:  

Պասքեթպոլ. 5-րդ Յաղթանակը` Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Երէկ` ուրբաթ, 22 յուլիսին, Հայաստանի 20 տարեկանէն վար տղոց պասքեթպոլի հաւաքականը 74-68 արդիւնքով յաղթեց Էսթոնիոյ, յայտնեց Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Այս յաղթանակը 5-րդն էր Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականին պատմութեան մէջ: Հայրենի կազմը Եւրոպայի 20 տարեկանէն վար ախոյեանութիւնը սկսաւ 2015-ին եւ ցարդ կատարած է 12 ճակատում: Նշենք, որ Հայաստանի հաւաքականը ներկայիս Յունաստանի մէջ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Եւրոպայի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան:

Լոփեթեկուի` Սպանիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Նոր Մարզիչ

Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի նոր մարզիչ նշանակուեցաւ Խուլեն Լոփեթեկուի: 49 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտը, որ վերջին շրջանին կ՛աշխատէր Փորթոյի հետ, այսպիսով փոխարինեց Վիչենթէ Տել Պոսքէն, որ Եուրօ-2016-ի մրցաշարքէն ետք որոշեց լքել իր պաշտօնը, մանաւանդ որ անոր կազմը Ֆրանսայի մէջ այդքան ալ չկրցաւ տպաւորիչ խաղարկութիւն ցուցաբերել:  

Հալիլովիչ Միացաւ Համպուրկի

Պարսելոնայի միջնապահ Ալեն Հալիլովիչ իր կազմը լքելով միացաւ Համպուրկին: Պարսելոնա խրուաթ ֆութպոլիստին փոխանցման համար 5 միլիոն եւրօ կը ստանայ: Սակայն յառաջիկային Պարսելոնա կրնայ գնել Հալիլովիչը 10 միլիոն եւրոյի փոխարէն, յառաջիկայ 2 տարեշրջաններուն ընթացքին: Նշենք, որ ան 4 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Համպուրկի հետ:

Անտրէ Կոմեշ Միացաւ Պարսելոնայի

Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Անտրէ Կոմեշ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ աշխարհի ամէնէն անուանի եւ հարուստ ակումբներէն Պարսելոնայի հետ: Ան 2014-ին Պենֆիքայէն փոխ տրուած էր Վալենսիայի, որմէ ճիշդ տարի մը ետք սպանական ակումբը ձեռք ձգած էր անոր ստորագրութիւնը: Քաթալոնական ակումբին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ յառաջիկայ շաբաթ ան պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ եւ պաշտօնապէս ներկայացուի հանրութեան: Անոր փոխանցման մասին...

Մարիօ Կէօթցէ Վերադարձաւ Տորթմունտ

Պորուսիա Տորթմունտ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ միջնապահ Մարիօ Կէօթցէ` լքելով Պայէրն Միւնիխը, վերադարձաւ իր նախկին կազմին, ուրկէ հեռացած էր 2013-ին: Թէեւ անոր փոխանցման մասին ցարդ պաշտօնապէս ոչինչ կը յայտարարուի, սակայն բժշկական քննութիւններու ենթարկուելէ ետք ան մինչեւ 2020 թուականը պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ: Ըստ գերմանական մամուլին, անոր փոխանցումը կը գնահատուի 26 միլիոն եւրոյով: Նշենք, որ 2013-ին անոր փոխանցման համար Պայէրն Միւնիխ Տորթմունտին...

Ռիօ-2016. Ռուս Աթլեթները Պիտի Չմասնակցին Ողիմպիական Խաղերուն

Լոզանի մարզական վճռաբեկ դատարանը մերժեց Ռուսիոյ ողիմպիական կոմիտէին եւ 68 ռուս աթլեթներուն դիմումը` ընդդէմ Աթլեթիզմի միջազգային ֆետերասիոնին ("IAAF"): Ռուսական կողմը 30 օրուան ընթացքին կրնայ բողոքել դատարանին այդ որոշումին դէմ, բայց միայն լսումներու ընթացքին եղած խախտումներուն իմաստով: Այժմ վերջին խօսքը Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին է, որուն Հակախթանիչ դեղերու գործածութեան միջազգային գործակալութիւնը յորդորած է ողիմպիական խաղերէն հեռացնել Ռուսիոյ ամբողջ հաւաքականը:  

Գագիկ Ծառուկեան Ոսկի Մետալի Սպասումով Յաջողութիւն Մաղթեց Հայ Ողիմպիականներուն

Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան երէկ ընդունեց 2016-ի ողիմպիական խաղերուն մասնակցող մարզիկներն ու անոնց մարզիչները: Ողիմպիական աւանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Ծառուկեան ըսաւ. «Իւրաքանչիւր պետութիւն ջանք կը թափէ, որ իր մարզիկները մետալներու տիրանան եւ անոր զուգահեռ իրենց պետութեան դրօշակը բարձր պահեն: «Ամէն ինչ բարձր մակարդակով կատարուեցաւ, կը մնայ յաղթանակ արձանագրելը: «Ոսկի մետալի սպասումով յաջողութիւն կը մաղթեմ բոլորիդ»:...

Հենրիխ Մխիթարեան Ընտրեց Թիւ 22 Մարզաշապիկը

Մանչեսթըր Եունայթըտ իր պաշտօնական կայքին միջոցով ներկայացուց «Փրեմիեր լիկա»-ին ընթացքին իր ֆութպոլիստներուն կրելիք մարզաշապիկներուն թիւերը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ եւ խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան որոշեց «Կարմիր սատանաներուն» հետ հանդէս գալ թիւ 22 մարզաշապիկով:

Page 1082 of 1276 1 … 1,081 1,082 1,083 … 1,276

Արխիւներ