ԼԻՎԸՐՓՈՒԼԻ մարզիկներէն Սախոյի ապագան հարցականի տակ է: Խումբին մարզիչը` Ե. Քլոփ, Սախոն տուն ղրկած է Միացեալ Նահանգներու շրջագայութենէն, անոր վերաբերմունքին համար:
ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ Եունայթըտ վերադարձաւ Չինաստանէն, ուր նախատեսուած մրցումը Մանչեսթըր Սիթիի դէմ տեղի չունեցաւ` աննպաստ եղանակին պատճառով, յուսախաբ ընելով շուրջ 50 հազար համակիրներ: Շաբաթ օր Մ. Եունայթըտ փորձ-մրցում մը պիտի կատարէ Կալաթասարային հետ, Շուէտի մէջ:
ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ Մելպուռն քաղաքին մէջ երէկ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը Եուվենթուսի եւ Թոթենհամի միջեւ վերջ գտաւ իտալական կազմին յաղթանակով` 2-1: