Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռիօ-2016. «Լաւ Բան Կ՛ընես. Մեր Երկիրը Կը Ներկայացնես, Կ՛ուրախացնես Մեր Ազգը»

July 27, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Arthur-Tavtian1_72616

Մարմնամարզութեան Հայաստանի ազգային հաւաքականի անդամ, հենացատկի Եւրոպայի փոխախոյեան, քանի մը անգամ Հայաստանի լաւագոյն մարզիկի տասնեակին ներառուած, 23-ամեայ Արթուր Դաւթեան հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ կը սիրէ անակնկալներ մատուցել սիրելիին: Իսկ մինչ այդ, տակաւին Ռիոյի ողիմպիական ոսկին պէտք է նուաճէ:

«Մարմնամարզութիւնը ծնողներս ընտրած են, թէ ինչո՞ւ ճիշդ այս մարզաձեւը, չեմ գիտեր: Բայց լաւ ըրած են: 5 տարեկանիս հայրս բերաւ Ալպերթ Ազարեանի անուան մարզադպրոց: Սկիզբէն չէի ուզեր մարզուիլ, նոյնիսկ կը յիշեմ, որ լացով կու գայի վարժանքներուն: Այդպէս մինչեւ 7 տարեկանս մարզուեցայ, եւ ընտանիքով տեղափոխուեցանք Ռուսիոյ Ռոստով քաղաք: Այդ ընթացքին արդէն սկսած էի սիրել այս մարզաձեւը եւ Ռոստովի մէջ ալ շարունակեցի ողիմպիական մարզական դպրոցին մէջ մարզուիլ: 16 տարեկանիս վերադարձանք Հայաստան, եւ արդէն գիտակցելով եւ հասկնալով շարունակեցի մարզումներս: Այդ ժամանակէն ալ սկսաւ իմ մարզական ասպարէզս:

 

Arthur-Tavtian2_72616Arthur-Tavtian3_72616«Արդէն 18 տարիէ կը մարզուիմ, այս մարզաձեւը դարձած է իմ կեանքս. երբ երկար տարիներ կը նուիրուիս մարզանքին, թմրեցուցիչի պէս պահանջ կը զգաս ամէն օր մարզուելու: Կիրակի մը, որ չես մարզուիր, ամբողջ օրը բանի մը պակասը կը զգաս, կ՛ուզես գալ մարզանքի:

«Մարզական ասպարէզին մէջ անկարելի է, որ յուսախաբութիւններ չըլլան: Առանց դժուարութիւններու չ՛ըլլար, բայց իր գործին նուիրեալ իւրաքանչիւր մարզիկ ատոնք պէտք է ընդունի իբրեւ նոր ուժ հաւաքելու ազդակներ: Ես, օրինակ, յուսախաբութենէ ետք, պահ մը  դադար կ՛առնեմ, բայց ատիկա երկար չի տեւեր, քանի մը օր. եւ նոր ուժով, նոր ոգեւորութեամբ կը վերադառնամ:

«Մարդոց մէջ կը սիրեմ համեստութիւնը, նուիրումը, ընկերասիրութիւնը: Չեմ սիրեր մարդոց մէջ ինքնահաւանութիւնը: Ես ընկերասէր եմ: Ինչպէս ծնողքս, քոյր-եղբայրս, այնպէս ալ ընկերը սուրբ մարդ է: Ես եւ ընկերներս նման ենք իրարու. սովորական եւ համեստ մարդիկ:

«Ընկերուհիին հանդէպ սէրն ու մարմնամարզը այդքան ալ անհամատեղելի չեն, ինչպէս շատերուն կը թուի: Սէրը քու ապագադ է, ապագայ ընտանիքդ, իսկ մարմնամարզը քու ասպարէզդ է, որ հետագային քեզի պիտի օգնէ` պահելու ընտանիքդ: Կը գիտակցինք երկուքս ալ, որ այս ամէնը մեր ապագայ ընտանիքի բարեկեցութեան համար է: Միշտ կ՛ըսէ. «Լաւ բան կ՛ընես. երկիր կը ներկայացնես, մեր երկիրը կը ներկայացնես, կ՛ուրախացնես մեր ազգը»:

«Թէ ե՞րբ կը սպասուի ամուսնութիւնը եւ թէ ինչպէ՞ս ամուսնութեան առաջարկ պիտի ընեմ, ատիկա շատ լուրջ գաղտնիք է, եթէ ըսեմ, արդէն գաղտնիք չի մնար: Վստահ  ռոմանթիք արարքով մը  կ՛ընեմ առաջարկս:

«Կը կարծեմ, որ եթէ մարմնամարզութեան հենացատկի ձեւը չընտրէի, վստահ մարզիկ կ՛ըլլայի, թերեւս` ֆութպոլիստ: Կը սիրեմ ֆութպոլ խաղա՛լ, եւ ոչ իբրեւ  համակիր ֆութպոլ դիտել: Նոյնիսկ մտածած եմ` ո՛ր դիրքին մէջ կը խաղայի` յառաջապահ կ՛ըլլայի, կոլ նշանակող»:

 

Նախորդը

ԵՈՒԷՖԱ-ն Խտրականութեան Համար Պատժեց Ազրպէյճանը

Յաջորդը

Մարզական Ծիծաղ… Ծիծաղ…

RelatedPosts

Հեծելարշաւ.  Լիբանան Իր 6-րդ Եւ Վերջին Մետալը Ձեռք Ձգեց Արաբական Ախոյեանութեան
Մարզական

Հեծելարշաւ. Լիբանան Իր 6-րդ Եւ Վերջին Մետալը Ձեռք Ձգեց Արաբական Ախոյեանութեան

October 16, 2026
Փինկ Փոնկ.  Մարիանա Սահակեան` 13-րդ Անգամ Ըլլալով  Լիբանանի Ախոյեան
Մարզական

Փինկ Փոնկ. Մարիանա Սահակեան` 13-րդ Անգամ Ըլլալով Լիբանանի Ախոյեան

October 16, 2026
Ծանրաբարձութիւն.  Նարեկ Գրիգորեան` Եւրոպայի Ախոյեան Եւ Նոր Մրցանիշի Տէր
Մարզական

Ծանրաբարձութիւն. Նարեկ Գրիգորեան` Եւրոպայի Ախոյեան Եւ Նոր Մրցանիշի Տէր

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.