Մարզական

Ռիօ-2016.  Դաւիթ Պեճանեան. «Ռիօ-2016-էն Զրկելը  Մահապատիժ Էր Ռուսական Ծանրաբարձութեան Համար»

Ռիօ-2016. Դաւիթ Պեճանեան. «Ռիօ-2016-էն Զրկելը Մահապատիժ Էր Ռուսական Ծանրաբարձութեան Համար»

Ծանրաբարձութեան  Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան, աշխարհի ախոյեանութիւններու մետալակիր, Ռուսիան ներկայացնող Դաւիթ Պեճանեան մեկնաբանեց ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնի որոշումը` հեռացնել Ռուսիոյ հաւաքականը Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերէն: «Մարզիկները ամբողջ կեանքն ու առողջութիւնը կը վատնեն մարմնամարզի համար, իսկ ոչինչ հասկցող մարդիկ որոշումով մը կը վճռեն մարդոց ճակատագիրը: Ասիկա դատավճիռ է, մահապատիժ է ամբողջ ռուսական ծանրաբարձութեան  համար, բոլորիս համար, տղաներու, աղջիկներու, մարզիչներու համար», ըսաւ Դաւիթ Պեճանեան, որուն...

Ճատրակ.  Լիբանանի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ` Երկրորդ

Ճատրակ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ` Երկրորդ

Լիբանանի ճատրակի Ա. դասակարգի ակումբներու ախոյեանութեան մրցումները վերջ գտան երէկ: Անսար գրաւեց առաջին դիրքը: ՀՄԸՄ շաբաթավերջին կատարած իր երկու մրցումներէն ետք (յաղթելով Անիմասիոնի` 5-1 արդիւնքով եւ Սայտայի Ահլիի` 5-5-0,5 արդիւնքով), նուաճեց երկրորդ պատուաբեր դիրքը` արժանանալով բոլորին գնահատանքին:   ՀՄԸՄ-ի հաւաքականի անդամներն են` Աւետիք Գրիգորեան (Հայաստանէն,  ճատրակի մեծ  վարպետ` Ճի. Էմ.), Քրիսթոֆըր Իտ (Սլովաքիայէն, ճատրակի միջազգային վարպետ` Այ. Էմ.), Րաֆֆի Ճիկերեան,...

Մարզական Ծիծաղ… Ծիծաղ

Մարզական Ծիծաղ… Ծիծաղ

Տարեկան Տոմսը Տան մէջ ամուսինը նստած է պատկերասփիւռին դիմաց, մարզական մրցում մը կը դիտէ: Կինը թերթ կը կարդայ: Կարճ ժամանակ ետք կինը խնդալով կ՛ըսէ. - Տե՛ս, թերթին մէջ ծանուցում մը կայ, որ մարզասէր մարդ մը իր կինը կը փոխանակէ մրցումներու տարեկան տոմսի հետ: - Հըը՜մ, - կ՛ըսէ մարդը առանց աչքը հեռացնելու խաղէն: Կինը կը հարցնէ. - Դուն զիս կը փոխանակե՞ս...

Ֆութպոլ. Մարզիչներու Լաւագոյն Հնգեակը

Մատրիտի «Աթլեթիքոյի» արժանթինցի մարզիչ Տիեկօ Սիմէոնէ աշխարհի ընթացիկ լաւագոյն մարզիչն է ըստ «ՖորՖորԹու» թերթին, որ հրապարակած է մարզիչներու  լաւագոյն հնգեակը: Երկրորդ դիրքին վրայ է քաթալոնացի Խ. Կարտիոլան, որուն գլխաւորութեամբ Պայերն Միւնիխ դարձաւ Գերմանիոյ  ախոյեան: Երրորդ, չորրորդ եւ հինգերորդ դիրքերը յաջորդաբար կը գրաւեն Լուիս Էնրիքէ, Ժոզէ  Մորինիօ, Ունայ Էմերի:

Բարեկամական Մրցումներ. Մանչեսթըր Եունայթըտ Ջախջախեց Կալաթասարայը

Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ  Շուէտի մէջ թրքական Կալաթասարայի հետ բարեկամական մրցումը աւարտեց  5-2 արդիւնքով, երբ Ա. կիսախաղը 2-1 արդիւնքով ի նպաստ թրքական կազմին աւարտած էր: 4-րդ վայրկեանին իսկ մկրատային գեղեցիկ հարուածով խաղին կոլերու հաշիւը բացաւ Մանչեսթըր Եունայթըտի տարազով առաջին անգամ մրցումի ներկայացած շուէտ հսկան` Զլաթան Իպրահիմովիչ: Հայաստանի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան միայն առաջին կիսախաղին մասնակցեցաւ մրցումին: Մխիթարեանը եւ Իպրահիմովիչը երկրորդ...

Օդանաւէն Ցատկեց Առանց Օդապարիկի

Օդապարիկային մարմնամարզի ամերիկացի 42-ամեայ արհեստավարժ մարզիկ Լիւք Այքինս պատմութիւն կերտեց` առանց օդապարիկի թռիչք կատարելով (սքայտայվինկ): Այքինս աւելի քան 18 հազար թռիչք կատարած է օդապարիկով, իսկ հիմա 7,6 քմ բարձրութենէն ցատկեց օդանաւէն եւ էջք կատարեց խոշոր ցանցի մը վրայ, որ կը  գտնուէր քսան յարկանի շէնքի բարձրութեան վրայ:

Ռիօ-2016.  Նազիկ Աւտալեան. «Ամէնէն  Բարդը Երեխայի Կարօտն Է»

Ռիօ-2016. Նազիկ Աւտալեան. «Ամէնէն Բարդը Երեխայի Կարօտն Է»

Ամառնային ողիմպիական խաղերուն Հայաստանի կիներու ազգային հաւաքականին մաս կը կազմէ 69 քկ ծանրութեան դասակարգին մէջ 2007 եւ 2009 թուականներուն ծանրաբարձութեան Եւրոպայի փոխախոյեան, 2008-ին Եւրոպայի ախոյեան, 2009-ին աշխարհի ախոյեան, 2016-ին Եւրոպայի ախոյեան, 2009-ին Հայաստանի լաւագոյն մարզիկ Նազիկ Աւտալեան: Ան ծնած է Գիւմրի, 31 հոկտեմբեր 1986-ին: Ամուսնացած է, ունի զաւակ մը: Անոր անձնական մարզիչն է ծանրաբարձութեան կիներու Հայաստանի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ...

Ճատրակ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն Այսօր` ՀՄԸՄ-Անիմասիոն, Վաղը` ՀՄԸՄ-Ահլի Սայտա

Լիբանանի ճատրակի Ա. դասակարգի ակումբներու ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, հինգշաբթի գիշեր տեղի ունեցած ՀՄԸՄ-Անսար վճռորոշ մրցումը վերջ գտաւ 5-1 արդիւնքով` ի նպաստ Անսարի: Երէկ ՀՄԸՄ մրցում ունեցաւ Սովիեթ խումբին դէմ` արձանագրելով 4,5-1,5 արդիւնքով յաղթանակ մը: Աւետիք Գրիգորեան, Ժիրօ Օգնայեան եւ Հրայր Պրունսուզեան յաղթանակ արձանագրեցին, իսկ Քրիսթոֆըր Իտ, Ռազմիկ Օգնայեան եւ Րաֆֆի Ճիկերեան հաւասարութիւն արձանագրեցին: Այս յաղթանակով ՀՄԸՄ կը յաջորդէ Անսարին...

Մարզական Ծիծաղ… Ծիծաղ

Մարզական Ծիծաղ… Ծիծաղ

Կարճ Կտրուկ Երկու օրիորդներ կը պատրաստուին 100 մեթր վազքի մրցումի համար: Անոնցմէ մին կ՛ըսէ. - Գիտե՞ս, անցեալ օր փորձի ատեն, ես 100 մեթրը 10 երկվայրկեանէն վազեցի: - Չի կրնար ըլլալ, 10 երկվայրկեանը աշխարհի կիներու մրցանիշն է: Ինչպէ՞ս ըրիր: - Կարճ ճամբան առի...: Ինչո՞ւ Շարժիլ Յաւելեալ ծանրութիւն ունեցող մարդու մը բժիշկը կը թելադրէ անպայման օրական մարզանքի հետեւիլ եւ կը յանձնարարէ թենիս...

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Երիտասարդական Կազմը Հասաւ Ասիոյ Ախոյեանութեան Կիսաւարտականին

Լիբանանի պասքեթպոլի 18 տարեկանէն վար ազգային հաւաքականին միայն քայլ մը մնաց` ապահովելու համար աշխարհի ախոյեանութեան մրցաշարքին մասնակցելու իր տոմսը: Թեհրանի մէջ այժմ տեղի ունեցող Ասիոյ ախոյեանութեան մրցումներու ծիրին մէջ, Լիբանան 98-67 արդիւնքով յաղթելով Հնդկաստանի, հասաւ կիսաւարտական հանգրուան, ուր պիտի մրցի Ճափոնի դէմ:  

Ֆութպոլ. Մանչեսթըր Եունայթըտ Կ՛ողջունէ Փոկպան Եւ Հրաժեշտ Կու Տայ 9 Մարզիկներու

Անգլիական մարզական աղբիւր մը կը տեղեկացնէ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտ այս ամրան կը վաճառէ կամ վարձակալութեամբ այլ խումբեր կ՛ուղարկէ 9 ֆութպոլիստներ: Խօսքը Պասթիան Շուայնշթայկըրի, Ատնան Ժանուզայի, Ուիլ Քինի, Թայլըր Պլեքեթի, Փետի Մաքնէյրի, Ճէյմս Ուիլսընի, Անտրէաս Փերէյրայի, Թիմոթի Ֆոսու-Մենսայի եւ Քամերոն Պորթուիք-Ճեքսընի մասին է: Ֆութպոլիստները վերջերս կը մարզուին Մանչեսթըր Եունայթըտի երիտասարդական խումբին մէջ: Այսօր Շուէտի մէջ տեղի պիտի ունենայ Մանչեսթըր Եունայթըտ-Կալաթասարայ ֆութպոլի...

Շուայնշթայկըր Աւարտեց Միջազգային Ասպարէզը

Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Պասթիան Շուայնշթայկըր յայտարարեց միջազգային իր ասպարէզը աւարտելու մասին: Ան այս որոշումին մասին գրած է  «Թուիթըր»-ի իր էջին մէջ: Շուայնշթայկըր Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականի կազմին մէջ 2004 թուականէն ի վեր մասնակցած է 120 մրցումներու, որոնց ընթացքին նշանակած է 24 կոլ: 31-ամեայ ֆութպոլիստը 2014 թուականին Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ դարձաւ աշխարհի ախոյեան:  

Ռիօ-2016. Ռուս 257 Մարզիկներու Մասնակցութիւնը` Հաստատուած

Ռուսիոյ մարմնամարզի նախարարութեան տուալներով, միջազգային ֆետերասիոնները հաստատած են 257 ռուս մարզիկներու մասնակցութիւնը Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերուն: Հարցականի տակ է տակաւին Համաշխարհային հակախթանիչներու գործակալութեան անկախ յանձնախումբի զեկուցումին մէջ նշուած 14 մարզիկներու մասնակցութիւնը: Զեկուցումին մէջ նշուած խմբային մարզաձեւերու 12 մարզիկներ զրկուած են մասնակցութեան իրաւունքէն: Նախնական ակնկալութիւններով Ռուսիա Ռիօ-2016-ի խաղերուն մէջ պիտի ունենայ շուրջ 270 մասնակից: Նախքան խթանիչներու խայտառակութեան պատճառով որակազրկումները, ռուս 387 մարզիկներ ...

Անգլիոյ 2016-2017 Ֆութպոլային Եղանակին  Ընդառաջ Օրէնքներու Փոփոխութիւններ

Անգլիոյ 2016-2017 Ֆութպոլային Եղանակին Ընդառաջ Օրէնքներու Փոփոխութիւններ

Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ շարք մը օրէնքներ ի զօրու պիտի ըլլան, երբ նոր եղանակը սկսի 13 օգոստոսին: Ֆութպոլի միջազգային խորհուրդը (ԻՖԱՊ) յայտարարեց, որ 18 ամսուան խորհրդակցութիւններէ ետք, անցեալ եղանակի օրէնքներէն աւելի քան  95-ը որոշ փոփոխութիւններու ենթարկուած են, եւ թէ անոնցմէ շատեր փորձարկուած են Եւրօ 2016-ին: Ստորեւ ամէնէն յատկանշականները. 1.- Մրցումը Սկսելու Առաջին Հարուած Ինչպէս Եւրօ 2016-ին տեսնուեցաւ, մրցումը սկսելու...

Կրկի՞ն Թրքական Ֆութպոլային Քաղաքականութիւն

31 օգոստոսին Թուրքիոյ  եւ Ռուսիոյ  ֆութպոլի ազգային հաւաքականներուն միջեւ Անթալիա քաղաքին մէջ  տեղի պիտի ունենայ բարեկամական մրցում մը... եթէ անշուշտ այդպիսի մրցում մը կարելի է «բարեկամական» անուանել: Ըստ թրքական «Հիւրրիյեթ» օրաթերթի կայքին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, որ 9 օգոստոսին Ռուսիոյ մէջ պիտի տեսակցի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, զայն պիտի հրաւիրէ  Թուրքիա` դիտելու նշեալ  բարեկամական մրցումը: Թրքական լրատու միջոցը ֆութպոլային...

Մարզական Ծիծաղ

Մարզական Ծիծաղ

Պասքեթպոլ - Ինչո՞ւ Քոպի Պրայընթ բառարան գնած է: Որպէսզի գիտնայ, թէ «ոչ» բառին ո՛ր մասը չի հասկնար: Պէյսպոլ -  Խուան Միացեալ Նահանգներ կ՛անցնի Մեքսիքայէն` պէյսպոլի մրցումի մը ներկայ գտնուելու համար, որպէսզի վերադարձին ընտանիքին պատմէ ատոր մասին: Երբ դաշտ կը հասնի, բոլոր տոմսերը սպառած են եւ դռները` փակ: Կը ստիպուի դրօշի մը ձողին վրայ բարձրանալ` դիտելու համար մրցումը: Տուն վերադարձին կ՛ըսէ....

Թենիս. Ճոքովիչ Կը Մասնակցի Ողիմպիական Խաղերուն

Աշխարհի թիւ մէկ դասուած Նովաք Ճոքովիչ  յայտարարեց, որ կը մասնակցի Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունենալիք ողիմպիական խաղերուն, հակառակ զիքա վարակի վտանգին: «Կը կարծեմ, որ կիրարկած եմ բոլոր անհրաժեշտ միջոցները: Մեծ ծաւալի տեղեկութիւն ստացած եմ, դրութիւնը սարսափելի չէ, որուն պատճառով որոշած եմ մեկնիլ Ռիօ: Անշուշտ, միշտ ալ կայ վտանգ վարակուելու, սակայն կը կարծեմ, որ այս վիճակին մէջ արհեստական աղմուկ կը...

Պասքեթպոլ. Տըրք Նովիցքի Կը Մնայ Տալասի Մէջ

«Էն.Պի.Էյ.»-ի  Տալաս  ակումբի անդամ Տըրք Նովիցքի նոր պայմանագիր ստորագրեց ներկայիս խումբին հետ: Մավըրիքսը պաշտօնական կայքին մէջ յայտնած է գերմանացիին հետ երկու տարիով պայմանագիրը երկարաձգելու մասին: Այդ ընթացքին Նովիցքի կը ստանայ  50 միլիոն տոլար: Տալասի հետ Տըրք Նովիցքի մասնակցած է 18 մրցաշրջանի:  

Ֆութպոլ. Փոկպայի Մանչեսթըր Եունայթըտ Փոխանցումի Վերջին Հանգրուանը` Գրեթէ Աւարտած

-  Եուվենթուսի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Փոլ Փոկպայի Մանչեսթըր Եունայթըտ փոխանցումի վերջին հանգրուանը գրեթէ աւարտած է, այս մասին կը հաղորդեն անգլիական մարզական աղբիւրներ: Երէկ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումներու արդիւնքներ. Ռէալ Մատրիտ - Փարիզ Սեն Ժերմեն 1-3 Պայերն Միւնիխ - Ա.Սէ.Միլան 3-3  (Միլան 5-3 յաղթեց փենալթիներով) Չելսի- Լիվըրփուլ 1-0 Պորուսիա Տորթմունտ - Մ. Սիթի 1-1   (Սիթի 6-5 յաղթեց...

Ճատրակ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Անսար Ճակատումը

Լիբանանի ճատրակի Ա. դասակարգի ակումբներու ախոյեանութեան մրցումներու ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ-Անսար վճռորոշ մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` հինգշաբթի, 28 յուլիսին: Անսար կը գրաւէ առաջին դիրքը, իսկ ՀՄԸՄ` երկրորդ: Ուրբաթ, 22 յուլիսին սկսած ախոյեանութեան մրցաշարքին կը մասնակցին  10 խումբեր. Անսար, ՀՄԸՄ,  Անդրանիկ, Սովիեթ, լիբանանեան բանակ, Ռիատի, Անիմէյշըն, Թանմիա, Ֆրերներ եւ Սայտայի Ահլին: Անսարի կազմին մէջն են Լիբանանի ճատրակի ազգային հաւաքականի անդամները, իսկ...

Page 1080 of 1276 1 … 1,079 1,080 1,081 … 1,276

Արխիւներ