Շարունակելով իր յաղթական եւ տպաւորիչ ելոյթներու շարքը` Լիբանանի 18 տարեկանէն վար տղոց կրտսերներու ազգային խումբը արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը, երբ Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ, 68 կէտի տարբերութեամբ, 103-35 արդիւնքով բաւական ծանր պարտութեան մատնեց Ինտոնեզիան:
Նշենք, որ այս մրցումը կ՛իյնայ Ասիոյ պասքեթպոլի կրտսերներու (18 տարեկանէն վար) ախոյեանութեան ծիրին մէջ:
Լիբանան իր կատարած առաջին մրցումին 97-37 արդիւնքով յաղթեց Ղազախստանին, իսկ երկրորդին` Հարաւային Քորէայի, 80-67 արդիւնքով:
Բ. խմբակին մաս կազմող Լիբանան վաղը` երեքշաբթի, 26 յուլիսին, Պէյրութի ժամանակացոյցով առաւօտեան ժամը 8:30-ին, բաւական կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք Ճափոնի դէմ: