ԵՈՒԷՖԱ-ն պատժեց Ազրպէյճանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը: Պատճառը մայիսին Պաքուի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի պատանեկան ախոյեանութեան Ազրպէյճան – Պելճիքա մրցումի ժամանակ ազրպէյճանցի համակիրներու խտրական բնոյթի արտայայտութիւններն էին:
Բողոքը ներկայացուցած էր պելճիքական կողմը: Ազրպէյճանական կողմը չէ ընդունած մեղադրանքները, սակայն ԵՈՒԷՖԱ-ն Ազրպէյճանի յաջորդ մրցումին ժամանակ փակ կը պահէ մարզադաշտին մէջ 300-է ոչ նուազ տեղով հատուած մը, ուր փակցուած կ՛ըլլայ «Ոչ խտրականութեան» գրութեամբ պաստառ: Յաջորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ 6 սեպտեմբերին, Եւրօ-2017-ի զտումի երիտասարդական հաւաքականներու ծիրին մէջ: