Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարզական Ծիծաղ… Ծիծաղ…

July 26, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կոլֆը Կը Նախընտրէ

Golf_72516

Գիշերը կինը ննջասենեակ մտնելով կը տեսնէ, որ ամուսինը անկողինին մէջ պառկած է կոլֆի մահակներով, ձեռնափայտերով: Մարդը կնոջը ապշահար դէմքը նշմարելով կ՛ըսէ.

– Դուն չըսի՞ր, որ պէտք է ընտրութիւն ընեմ:

Քունին Մէջ Քալողը

Հեծելարշաւի մրցումի ախոյեանի մը ընկերը անոր կը հարցնէ.

– Ինչո՞ւ գիշերը հեծանիւդ հետդ անկողին կը մտցնես:
– Ես քունիս մէջ քալող եմ, հեռու տեղեր չեմ ուզեր քալելով երթալ:

Ամուսնութեան Օրը

Football_72516

Մարդ մը աշխատանքէն աճապարելով տուն կու գայ եւ պատկերասփիւռին դիմաց նստած ֆութպոլի մրցումին կը հետեւի: Կինը իր դժգոհութիւնը չի կրնար զսպել եւ ի վերջոյ բարկացած կ՛ըսէ.

– Ֆութպո՜լ, ֆութպո՜լ, ֆութպո՛լ: Խելքդ միտքդ ամէն ատեն հո՛ն է: Վստահ եմ հիմա մեր ամուսնութեան օրն ալ չես յիշեր:

Ամուսինը կ՛ըսէ.

– Ինչպէ՞ս չեմ յիշեր, հոգի՛ս. այդ օրը Մանչեսթըր Եունայթըտ 3-2 արդիւնքով յաղթեց Պարսելոնային:

Ապարանցին Հեծանիւով

Abaran_72516

Մարզական տարազով ապարանցի մը հեծանիւով կը շրջագայի: Մարդիկ կը նշմարեն, որ տարազին կռնակին վրայ գրուած է.

– Եթէ այս գրութիւնը կրնաք կարդալ, ուրեմն կինս հեծանիւի ետեւի աթոռէն ինկած է:

Մարզանքի Լողաւազան

Քաղաքապետարանի պաշտօնեայ  մը կը ներկայանայ տուն մը եւ դրան առջեւ տանտիրոջ կը բացատրէ, որ քաղաքին մէջ մրցումներու համար լողաւազան պիտի կառուցուի, եւ իր մասնակցութիւնը կը խնդրեն:

– Սիրով, վայրկեան մը սպասեցէ՛ք, – կ՛ըսէ մարդը եւ աճապարանքով ներս կ՛երթայ: Քիչ ետք կը վերադառնայ եւ խոշոր գաւաթ մը ջուր կու տայ:

– Ա՛յս ալ իմ մասնակցութիւնս, – կ՛ըսէ մարդը ինքնագոհ:

Ողիմպիականի Մեքսիքացիները

Mexico_72516

– Ինչո՞ւ Մեքսիքա ողիմպիական խաղերուն մասնակցող լաւ խումբ չ՛ունենար:

– Որովհետեւ անոնք, որոնք արագ վազող, բարձր ցատկող եւ լաւ լողացողներ են, անցած են սահմանը դէպի Միացեալ Նահանգներ:

 

 

Նախորդը

Ռիօ-2016. Ռոպերթ Էմմիեան. «Աթլեթները Պատրաստ Են Ողիմպիական Խաղերուն»

Յաջորդը

Հայաստան Չի Մասնակցիր Պաքուի Ճատրակի Համաշխարհային Ողիմպիականին

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Վաղը` Անդրանիկ – ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Վաղը` Անդրանիկ – ՀՄԸՄ

October 24, 2026
Աթլեթիզմ.  Յակոբ Առաքելեան` Կէս Մարաթոնի  Արծաթ Մետալակիր
Մարզական

Աթլեթիզմ. Յակոբ Առաքելեան` Կէս Մարաթոնի Արծաթ Մետալակիր

October 24, 2026
Եուրոփա Լիկ.  Արարատ Արմենիա  Իր Երրորդ Պարտութիւնը Կրեց
Մարզական

Եուրոփա Լիկ. Արարատ Արմենիա Իր Երրորդ Պարտութիւնը Կրեց

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.