ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն «Ողիմպիական զինադադար» յայտարարած է Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ 5 օգոստոսին սկսելիք ամառնային խաղերու ժամանակ:
Տեսաուղերձով մը, որ հրապարակուեցաւ ՄԱԿ-ի կայքին մէջ, Պան Քի Մուն բոլոր տագնապներու մասնակիցներուն կոչ կ՛ուղղէ «վար դնելու զէնքը եւ մէկ կողմ ձգելու տարակարծութիւնները» այն ժամանակամիջոցին, երբ կ՛ընթանան մրցումները:
«Միջազգային ողիմպիական խորհուրդն ու ՄԱԿ-ը սերտօրէն կը համագործակցին յանուն համաշխարհային ներդաշնակութեան եւ խաղաղութեան: Այդ ոգիով մենք կը յայտարարենք «ողիմպիական զինադադար» եւ կոչ կ՛ուղղենք բոլոր մարտնչող կողմերուն վար դնելու զէնքը եւ մէկ կողմ ձգելու տարակարծութիւնները խաղերու ժամանակ», ըսաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն: Ան համաշխարհային ընտանիքին կոչ ուղղեց պայքարելու յանուն «հաւասարութեան եւ փոխադարձ յարգանքի գաղափարներուն», նաեւ ապահովելու մոլորակի բոլոր բնակիչներուն բարեկեցութիւնն ու արժանապատիւ կեանքը: «Աշխարհը մեզմէ կը սկսի», ըսաւ Պան Քի Մուն` շնորհաւորելով բոլոր աթլեթներն ու մարզասէրները, որոնք Ռիօ տը Ժանէյրօ պիտի երթան:
31-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերը տեղի պիտի ունենան 5-21 օգոստոսին: Ատիկա պիտի ըլլայ հարաւային Ամերիկայի մէջ կազմակերպուող առաջին ողիմպիականը: