Ռուս աթլեթները պատժելը համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ գերիշխող կանոնները համաշխարհային մարմնամարզ տեղափոխելու փորձ է: Այս մասին ռուս մարզիկներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, որ ընդունեց եւ յաջողութիւն մաղթեց Ռիօ մեկնող ռուս մարզիկներուն: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ ձողացատկի ողիմպիական կրկնակի ախոյեան Ելենա Իսինպայեւան, որ զրկուած է մասնակցութեան իրաւունքէն:
«Մենք այսօր ականատես ենք օրէնքի բացակայութեան. մարդիկ կ՛ընեն, ինչ որ կ՛ուզեն: Ականատես ենք անոնց անարդարութեան: Մենք պէտք է պատժենք այս բոլորին հետ առնչութիւն ունեցողները», ըսաւ Ելենա Իսինպայեւան` դիմելով Պուտինին:
Յիշեցնենք, որ աթլեթի միջազգային ֆետերասիոնը զրկած է ռուս 68 աթլեթներ ողիմպիականին մասնակցելէ: Պատճառը իբրեւ թէ խթանիչներու օրէնքներու խախտումն է: