Հայաստանի Հանրապետութեան մարմնակրթութեան նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան ըսաւ, որ ողիմպիական խաղերուն մասնակցող 33 մարզիկներէն իւրաքանչիւրը կարելիութիւն ունի մետալ նուաճելու:
Նախարարը աւելցուց. «Ես հաստատ համակարծիք եմ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի հետ, որ մեր 33 մարզիկներէն 20-ը մետալի իսկական թեկնածու է: Չեմ կրնար առանձնացնել, թէ ո՛ր մարզաձեւերէն: Ողիմպիական այս խաղերուն բոլոր մարզաձեւերուն մէջ ալ կրնանք մետալ ունենալ: Պատահական չէ, որ այսքան ներկայացուցիչներ ունինք: Աթլեթի մարզաձեւին մէջ 6 մարզիկները իրենք իրենց ուժերով նուաճած են ողիմպիականի տոմսը եւ ողիմպիական խաղերուն բնաւ այսքան հայ աթլեթ չէ հասած: Ասիկա երկար աշխատանքի արդիւնք է` Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի, ազգային ֆետերասիոններու եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աշխատանքն է: Ամենաբարձր մետալներու յոյսերով ողիմպիական խումբին յաջողութիւն կը մաղթենք»:
Հայաստանի Հանրապետութեան մարմնակրթութեան նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան Ռիօ պիտի մեկնի 9 օգոստոսին: Խաղերու բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 5 օգոստոսին: