Ռիոյի մէջ տեղի ունեցող կռփամարտի մրցումները բախտաբեր չեղան Հայաստանի ներկայացուցիչին` Վլատիմիր Մարգարեանի համար, որ վիրաւորուելով վաղաժամ աւարտեց 1-8-րդ հանգրուանի իր մենամարտը:
Ամառնային այս խաղերուն, 69 քկ դասակարգին մէջ, ողմիպիականի քառորդ աւարտականի տոմս մը ապահովելու համար Մարգարեան կը պայքարէր քուպացի Ռոնիել Իկլեսիասի դէմ, որ ողիմպիականի նախկին ախոյեանն էր:
Առաջին ռաունտին Մարգարեան, որ աչքէն վնասուածք ստացաւ, թէեւ արիւնլուայ վիճակի մէջ կրցաւ շարունակել իր ճակատումը, սակայն կարճ ատեն մը ետք ան կրկին պատռուածք ունենալով, բժիշկները անոր արգիլեցին շարունակել մենամարտը, եւ Իկլեսիաս թեքնիք նաք-աութով յաղթանակ արձանագրեց: