Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան եւս մեկնեցաւ Ռիօ տը Ժանէյրօ` աջակցելու համար ողիմպիական խաղերուն մասնակցող հայրենի մարզիկներուն:
Ան Պրազիլ մեկնեցաւ Հայաստանի ազատ ոճի ողիմպիականի հաւաքականին հետ:
Նախարար Ղազարեան Ռիօ տը Ժանէյրօ պիտի մնայ մինչեւ ողիմպիական խաղերուն փակումը: