Ռիօ տը Ժանէյրոյի ողիմպիական խաղերու բացման հանդիսութեան Հայաստանի դրօշակակիր Վահան Մխիթարեան երէկ իր մասնակցութիւնը բերաւ լողարշաւի 50 մեթր ազատ ոճի մրցումներուն:
Ան արձանագրելով 23″ 50 արդիւնք մը, իր խմբակն մէջ (6-րդ) գրաւեց 7-րդ դիրքը` 8 լողորդներու մէջ:
Ընդհանուր պայքարին մէջ ան 85 լողորդներուն մէջ գրաւեց 47-րդ դիրքը:
Յաջորդ հանգրուան անցան 1-էն 16-րդ դիրքը գրաւողները: