
27 տարեկան ամերիկահայ մարզիկ Հուրի Գեբեշեան թէեւ չյաջողեցաւ Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերուն աւարտական հանգրուան հասնիլ, բայց եւ այնպէս, գրաւեց թէ՛ հանդիսատեսներուն եւ թէ՛ ալ դատական կազմին յատուկ ուշադրութիւնը:
Յամենայն դէպս, ան պատմութեան մէջ արձանագրեց իր անունը` նկատի ունենալով, որ ողիմպիական խաղերուն աղջկանց մարմնամարզութեան մարզաձեւին մէջ առաջին անգամ Հայաստանը ներկայացուց:
Թէեւ ան առաջին 24-ին մէջ դիրք մը չկրցաւ ապահովել, բայց իր ուրոյն տեղը ունեցաւ այս ողիմպիականին:
Ան զոյգ փայտերու վրայ կատարեց նոր տարր մը. 360 աստիճան պտոյտ կատարելով` ան վարի ձողէն անցաւ վերի ձող:
Իր ելոյթը հազիւ աւարտած, ան ծափողջոյններուն հետ միասին, համբուրեց անհաւասար փայտերը, իսկ դատական կազմին ոչ այդքան բարձր գնահատականը հանդիսատեսներուն դժգոհութեան արժանացաւ:
Նշենք, որ զոյգ փայտերու վրայ կատարած Հուրիի նոր տարրը պիտի կոչուի անոր անունով` «Գեբեշեան»:


