Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականի անդամ Անդրանիկ Կարապետեան վնասուածք ստացաւ Ռիոյի մէջ տեղի ունեցող ողիմպիական խաղերուն ընթացքին:
77 քկ դասակարգին մասնակցող հայրենի ծանրաբարձը առաջին հանգրուանին բարձրացնելով 174 քկ, զիջած էր միայն չին Սիաճուն Լյուին, որ աշխարհի մրցանիշ հաստատած էր (177 քկ):
Ապա 2-րդ հանգրուանին, 20 տարեկան Կարապետեան 195 քկ բարձրացնելու ընթացքին ծանրօրէն վնասած էր իր արմուկը:
Դժբախտաբար ասիկա պատճառ դարձաւ, որ մետալի իսկական թեկնածու նկատուող հայ ծանրաբարձը ստիպուած ըլլայ կանուխ աւարտել իր ելոյթները:
Այս դասակարգին մէջ ոսկի մետալի տիրացաւ Ղազախստանի ներկայացուցիչը` Նիճատ Ռահիմով, որ բարձրացուց ընդամէնը 379 քկ (165+214):
«Նիուզ» կը նշէ, որ Կարապետեան ծնած է 15 դեկտեմբեր 1995-ին, Վաղարշապատի մէջ:
Ան պատանիներու եւ երիտասարդներու ախոյեան է. 2015-ին` Եւրոպայի փոխախոյեան, 2015-ին` աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր, 2016-ին` Եւրոպայի ախոյեան:
Անոր անձնական մարզիչն է Վիգէն Խաչատրեան: