Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ յատուկ ընթրիքի երեկոյով մը պատուեց Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ Լիբանանի դեսպան Զիատ Իթանին` ներկայութեամբ Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերուն մասնակցող լիբանանեան պատուիրակութեան:
Համմամ յատուկ կերպով անդրադարձաւ դեսպանին տարած աշխատանքին, մանաւանդ նկատի ունենալով անոր ունեցած կարեւոր դերը` լիբանանեան պատուիրակութեան բոլոր պէտքերուն հոգալու իմաստով եւ անոր նեցուկ կանգնելու աշխատանքին մէջ:
Դեսպան Իթանի ըսաւ, որ բոլորին ալ պարտականութիւնն է աշխարհի չորս ծագերուն միշտ զօրավիգ կանգնիլ իւրաքանչիւր մարզիկի, որ կը ներկայացնէ Լիբանանը:


