
Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող Ռիօ-2016-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն աղջկանց ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Քանատա 2-1 արդիւնքով կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Գերմանիոյ դէմ (Զ. խմբակ):
Անոնք երկուքն ալ այսպիսով ապահովեցին քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը:
Նշենք, որ իւրաքանչիւր խմբակի առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը կ՛ապահովեն քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը:
Թէեւ Աւստրալիա 6-1 արդիւնքով յաղթեց Զիմպապուէյին եւ գրաւեց երրորդ դիրքը, սակայն անիկա յոյս ունի հասնելու քառորդ աւարտական` իբրեւ լաւագոյն երրորդ դիրքը գրաւող խումբը (ընդամէնը` երկու խումբ):
Պէտք է նշել, որ Քանատա կը նկատուի մրցաշարքին անակնկալ խումբը:
Նշենք, որ իւրաքանչիւր կիսախաղի խմբապետ Մելիսա Թանքրետի նշանակեց Քանատայի կոլերը:


