Ռուսիոյ հաւաքականի անդամ, 17 տարեկան Սեդա Թութխալեան երէկ իր խմբակիցներուն հետ, Ռիօ-2016-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն հանդիսացաւ փոխախոյեան` մարմնամարզութեան խմբային մրցումներուն ընթացքին:
Միացեալ Նահանգներ տիրացան ոսկի մետալին, մինչ Չինաստան` պրոնզ մետալին:
Սեդա Թութխալեան ծնած է Գիւմրիի մէջ եւ աշխարհի սամպոյի եռակի ախոյեան Գուրգէն Թութխալեանի դուստրն է: 1999-ին ան իր ընտանիքին անդամներուն հետ տեղափոխուած է Մոսկուա: