
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ մեկնեցաւ Ռիօ տը Ժանէյրօ:
Պրազիլ մեկնելով` նախագահ Սարգսեան իր զօրակցութիւնը պիտի յայտնէ 31-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն մասնակցող Հայաստանի մարզիկներուն:
Իր այս այցելութեան ընթացքին նախագահը ներկայ պիտի գտնուի մայրաքաղաք Պրազիլիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան շէնքի հիմնարկէքի արարողութեան:
Նախատեսուած են նաեւ նախագահի պաշտօնական հանդիպումները` Պրազիլի կարգ մը ղեկավարներուն հետ: