«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի գերբաժակակիր հանդիսացաւ Ռէալ Մատրիտ, որ զուտ սպանական ճակատումին երկարաձգումէն ետք յաղթեց Սեւիլլայի` 3-2 արդիւնքով:
Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով, երբ Մարքօ Ասենսիօ նշանակեց մրցումին առաջին կոլը (21-րդ), մինչ Ֆրանքօ Վասքուես` Սեւիլլայի հաւասարութեան կոլը (41-րդ):
72-րդ վայրկեանին Քոնոփլիանքա նշանակեց Սեւիլլայի երկրորդ կոլը, բայց մրցումին վերջին վայրկեանին Սերճիօ Ռամոսի նշանակած կոլը պատճառ դարձաւ, որ մրցումը երթայ դէպի երկարաձգում:
Երկարաձգման ընթացքին եւ աւարտէն մէկ վայրկեան առաջ, Տանիել Քարվախալ նշանակեց Ռէալ Մատրիտի երրորդ եւ յաղթանակի կոլը (3-2):
Այսպիսով, Նորվեկիոյ մէջ իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Ռէալ Մատրիտ երրորդ անգամ ըլլալով բարձրացուց այս մրցաշարքին տիտղոսը:
Արքայական ակումբին արձանագրած այս յաղթանակը պատճառ դարձաւ, որ Զինետին Զիտան հանդիսանայ 5-րդ ֆութպոլիստը, որ իբրեւ ֆութպոլիստ եւ մարզիչ կը տիրանայ այս տիտղոսին:
Նախապէս այդ իրագործումը կատարած էին Եոսիփ Կուարտիոլա, Քարլօ Անչելոթթի, Տիեկօ Սիմէոնէ եւ Լուիս Էնրիքէ: