
Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունեցող ամառնային ողիմպիականի խաղերուն թենիսի մրցաշարքին ծիրին մէջ, տիտղոսին գլխաւոր թեկնածուն նկատուող եւ աղջկանց աշխարհի ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւող ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզ, Գ. հանգրուանին անակնկալ պարտութիւն մը կրելով (6-4 եւ 6-3) ուքրանացի Էլինա Սվիթոլինայէն, դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Ուքրանացին քառորդ աւարտականին պիտի մրցի չեխ Փեթրա Քվիթովայի դէմ:


