Ռիօ-2016-ի աղջկանց 69 քկ դասակարգի ծանրաբարձութեան մրցումներուն 5-րդ դիրքը գրաւած Նազիկ Աւդալեան իր ունեցած ելոյթին մասին խօսելով ըսաւ. «Մէկ տարի առաջ, ես ինձմէ աւելի մեծ ակնկալիքներ ունէի: Կը կարծէի, որ կը հասնիմ իմ նախկին քիլոկրամներու մրցումներուն, սակայն չնախատեսուած վնասուածքներ եղան, որոնք խանգարեցին իմ փորձերս: Ոչինչի համար կ՛ամփսոսամ, որովհետեւ ամէն ճիգ ի գործ դրի եւ կատարեցի այն, ինչ որ կրնայի ընել:
«Շատ յաճախ փորձերս կը կատարէի ցաւերով: Ողիմպիական խաղերուն մասնակցիլը բոլորին ալ երազն է: Կ՛ուզէի մետալի տիրանալ, բայց ատիկա տեղի չունեցաւ, եւ անոր մասին մտածելը կամ տխրիլը անիմաստ է»: