Մարզական

Նշմար.  Ի՞նչն Է Կարեւորը

Նշմար. Ի՞նչն Է Կարեւորը

ԿԱՐՕ Կ. Ֆութպոլ կը դիտեմ աւելի քան 40 տարիներէ ի վեր, եւ օրէ օր այդ մէկը կը դառնայ փիլիսոփայութիւն, վերլուծումներ: Վերջերս բարեկամի մը հետ կը խօսէի ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի յաջողութիւններուն մասին` բաղդատելով անցեալ տարուան եւ այս տարուան խումբերն ու խաղաձեւերը: Երէկ կը կարդայի Պարսելոնայի բերդապահ Վոյցիչ Չեզնիի մէկ հարցազրոյցը, ուր ան կը քննադատէր գերմանացի մարզիչ Հանզի Ֆլիքի կիրարկած խաչաձեւը: Ան...

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի  Հիմնադրութեան 90-Ամեակ.  8-Էն 18 Տարեկաններու Միջեւ Ճատրակի Մրցաշարք

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 90-Ամեակ. 8-Էն 18 Տարեկաններու Միջեւ Ճատրակի Մրցաշարք

Կիրակի, 27 յուլիս 2025-ին ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 90-ամեակի տօնակատարութիւններուն ծիրին մէջ, կազմակերպուած էր Ճատրակի մրցաշարք մը, որ կ՛ընդգրկէր 18 տարեկանէն մինչեւ 8 տարեկան երկսեռ մարզիկներ, ՀՅԴ «Ռուբէն» ակումբի սրահին մէջ: Կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին սրահ ներկայացան ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի,Պէյրութի եւ Ժտէյտիի մասնաճիւղերէն 18 մարզիկներ իրենց ծնողներուն հետ: Տարիքային դասաւորումներէն ետք մրցաշարքը սկսաւ ժամը 2:20-ին, իրաւարարներն էին` Շրջանային...

Հրաձգութիւն.  Հայաստանի Հաւաքականը Ոսկի, Արծաթ Եւ Պրոնզ Մետալներով Վերադարձած Է  Եւրոպայի Ախոյեանութենէն

Հրաձգութիւն. Հայաստանի Հաւաքականը Ոսկի, Արծաթ Եւ Պրոնզ Մետալներով Վերադարձած Է Եւրոպայի Ախոյեանութենէն

Հայաստանի հրաձգութեան հաւաքականը ընդլայնուած կազմով մասնակցած է Ֆրանսայի Շաթորու քաղաքին մէջ տեղի ունեցած վազող թիրախ մրցաձեւի Եւրոպայի ախոյեանութեան: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, վազող թիրախ խառն վազք մրցաձեւին տղոց պայքարը աւարտած է Հայաստանի խումբին յաջողութեամբ: Գոռ Խաչատրեան 385 կէտ հաւաքելով դարձած է Եւրոպայի ախոյեան, իսկ Հայկ Մինասեան 383 կէտ հաւաքելով դարձած է Եւրոպայի փոխախոյեան: Տղաքը Յովհաննէս Մարգարեանի հետ միասին խմբային դասաւորման մէջ շահած...

Բռնցքամարտ.  Գեղարքունիքի Մարզի Բռնցքամարտիկները Արծաթ Մետալներով Վերադարձան

Բռնցքամարտ. Գեղարքունիքի Մարզի Բռնցքամարտիկները Արծաթ Մետալներով Վերադարձան

Հայաստանի Հանրապետութեան բռնցքամարտի կրտսեր տարիքի պատանիներու ազգային խումբի Գեղարքունիքի մարզը ներկայացնող բռնցքամարտիկները արծաթ մետալներով վերադարձան հայրենիք` մասնակցելէ ետք Սերպիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ախոյեանութեան: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, Գեղարքունիքի մարզի բռնցքամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Գէորգ Սարգսեան յայտնած է, որ միջազգային ախոյեանութեան պատուոյ երկրորդ աստիճանին վրայ կանգնած են Սեւանի մարզադպրոցի սան Կարինէ Դալլաքեան (51 քկ) եւ Մարտունիի մարզադպրոցի սան Էլեն Բարսեղեան (36 քկ): «Մինչեւ...

Ծանրաբարձութիւն.  Ռաֆիկ Դարմոյեան Եւ Նաթալիա Սարգսեան`  Պրոնզէ Մետալակիրներ

Ծանրաբարձութիւն. Ռաֆիկ Դարմոյեան Եւ Նաթալիա Սարգսեան` Պրոնզէ Մետալակիրներ

Հայաստանի ծանրաբարձութեան պատանիներու (15 տարեկանէն վար) հաւաքականի անդամ Ռաֆիկ Դարմոյեան (71 քկ) երկամարտի 273 քկ արդիւնքով (121+152) պրոնզէ մետալ շահեցաւ Մատրիտի մէջ ունեցած Եւրոպայի պատանիներու ախոյեանութեան: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, Դարմոյեան արաշէի մրցումներուն 116 եւ 121 քկ կրցած է բարձրացնել` շահելով փոքր արծաթէ մետալ: Էփոլէ-ժըթէի մրցումներուն ան յաջորդաբար բարձրացուցած է 143, 147 եւ 152 քկ` շահելով փոքր պրոնզէ մետալ: Սպանիոյ մէջ տեղի...

Պասքեթպոլ.  Լիբանան Շահեցաւ Պէյրութի Միջազգային  Մրցաշարքի Բաժակը

Պասքեթպոլ. Լիբանան Շահեցաւ Պէյրութի Միջազգային Մրցաշարքի Բաժակը

Կիրակի գիշեր Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբը 87-74 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Եգիպտոսը եւ շահեցաւ Պէյրութի միջազգային մրցաշարքի բաժակը: Այս մրցաշարքը շատ լաւ պատրաստութիւն եղաւ ազգային խումբին համար, որ յառաջիկայ շաբաթ պիտի մասնակցի Ասիոյ բաժակի մրցաշարքին: Սերպ մարզիչ Փերիշիչի գործը բաւական դժուար պիտի ըլլայ իր վերջնական 12 մարզիկները ընտրելու առումով: Այս մրցաշարքէն առաջ եւ նկատի ունենալով Ասիոյ լաւագոյն մարզիկներէն Ուաէլ Արաքժիի վիրաւոր...

Ֆիաու 2025.  Համլեթ Մանուկեան Ոսկի Մետալակիր

Ֆիաու 2025. Համլեթ Մանուկեան Ոսկի Մետալակիր

Գերմանական Էսեն քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Համաշխարհային համալսարանական ամառնային խաղերուն (ՖԻԱՈՒ 2025) մարմնամարզութեան Եւրոպայի ախոյեան Համլեթ Մանուկեան դարձաւ ոսկի մետալակիր: Մանուկեան նժոյգի վարժութեան աւարտականին 14,933 կէտ ձեռք ձգեց եւ դարձաւ մրցաշարքի ախոյեան: Նոյն վարժութեան Հայաստանի միւս ներկայացուցիչը` Մամիկոն Խաչատրեան, իր կարգին հասաւ աւարտական հանգրուան, բայց 7-րդ դիրքը գրաւեց:

«Ֆորմիւլա 1».  Փիասթրի Կրցաւ Յաղթել Նորիսին

«Ֆորմիւլա 1». Փիասթրի Կրցաւ Յաղթել Նորիսին

Օսքար Փիասթրի 2-րդ դիրքէն սկսաւ Պելճիքայի մէջ տեղի ունեցած Սփա - Ֆրանքորշան կրան փրին, բայց արդէն 1 ժամ ուշ սկսած մրցումին (անձրեւի պատճառով) ան առաջին շրջանին սպասեց իր խմբակից-մրցակից Լանտօ Նորիսին, եւ յարմար դիրք առնելուն պէս անցաւ անոր եւ մնաց առաջին դիրքի վրայ մինչեւ մրցումին աւարտը: «Ֆորմիւլա 1»-ը վերջերս քիչ մը ձանձրացուցիչ սկսած է ըլլալ, որովհետեւ պայքար կայ միայն «Մաքլարեն»-ի...

Աղջկանց Եուրօ.  Անգլիա Եւրոպայի Ախոյեան

Աղջկանց Եուրօ. Անգլիա Եւրոպայի Ախոյեան

Անգլիոյ աղջկանց ազգային խումբը կիրակի գիշեր Զուիցերիոյ մէջ տօնեց Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան տիտղոսը` փենալթիներով յաղթելէ ետք աշխարհի ախոյեան Սպանիոյ: Մարզիչ Սարինա Վիկման աղջկանց Եւրոպայի ախոյեան դարձաւ վերջին 3 Եուրոներուն, վերջին 2-ը` Անգլիոյ հետ: Ան նախապէս 2017-ին Նետերլանտներու իր ազգային խումբին հետ շահած էր առաջին Եուրոն: 2022-ին ան Անգլիոյ հետ շահեցաւ առաջին Եուրոն եւ այս տարի Անգլիա իր պատմութեան ընթացքին (տղոց...

Ռէալ Մատրիտ Կ՛ուզէ Ռոտրին

Ռէալ Մատրիտ Կ՛ուզէ Ռոտրին

Սպանիոյ Ռէալ Մատրիտը այս ամրան փոխանցումներու իր գլխաւոր թիրախը կը նկատէ Մանչեսթըր Սիթիի Ռոտրին: Ըստ մամլոյ կարգ մը աղբիւրներու, սպանական կողմի մարզիչ Խապի Ալոնսօ որոշած է ձեռք ձգել Ռոտրին, որ կրնայ զգալիօրէն զօրացնել Մատրիտի միջնապահ գիծը: Ռէալ Մատրիտ պատրաստ է փոխանցումին փոխարէն պրազիլցի Ռոտրեկոն եւ ֆրանսացի միջնապահ Էտուարտօ Քամավինկան առաւել 40 միլիոն եւրօ տալ Մանչեսթըրի ակումբին: Ռոտրի անցեալ սեպտեմբերէն վիրաւորուած...

Փարիզ Սեն Ժերմեն Կը Փափաքի  «Ծախել» Տոնարուման…

Փարիզ Սեն Ժերմեն Կը Փափաքի «Ծախել» Տոնարուման…

Փարիզ Սեն Ժերմեն որոշած է «ծախել» իր իտալացի բերդապահ Ճիանլուիճի Տոնարուման, անվճար չկորսնցնելու համար զայն, ինչպէս որ պատահեցաւ Քիլիան Էմպափէի պարագային: 25 տարեկան իտալացի բերդապահի պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2026-ի ամրան, եւ Փարիզի ակումբը չ՛ուզեր, որ հարցը նմանի Էմպափէի մեկնումին` Ռէալ Մատրիտ: Տոնարումա քանի մը անգամ մերժած էր երկարաձգել իր պայմանագրութիւնը` նոյն պահուն կապի մէջ մտնելով Մանչեսթըր Սիթիի եւ Պայերն Միւնիխի հետ:...

Ֆրանսայի Հեծելարշաւի Շրջավազք.  Փոկաչար Շահեցաւ Իր 4-րդ Տիտղոսը

Ֆրանսայի Հեծելարշաւի Շրջավազք. Փոկաչար Շահեցաւ Իր 4-րդ Տիտղոսը

Փարիզի մէջ վերջ գտաւ Ֆրանսայի հեծելարշաւի շրջավազքը` «Թուր տը Ֆրանս»-ը, Թատէյ Փոկաչարի գերազանցութեամբ: Տեղատարափ անձրեւ կար կիրակի յետմիջօրէին, եւ վտանգաւոր էր հեծիկներուն համար պայքարիլը: Ուրեմն առիթ էր պարզապէս խմբակին հետ աւարտելը` սլովենիացի վարորդ Թարէյ Փոկաչարի համար, որ շահեցաւ իր 4-րդ «Թուր տը Ֆրանս»-ի տիտղոսը: Նախապէս 2020-2021-2024-ին շահած Փոկաչար գրաւեց նաեւ լաւագոյն մագլցողներու առաջին դիրքը` 119 կէտեր շահելով: Փոկաչար 294 հաւաքեց...

Դ. Դասակարգի Աւարտական Հանգրուան.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Յաղթանակով Սկսաւ

Դ. Դասակարգի Աւարտական Հանգրուան. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Յաղթանակով Սկսաւ

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Դ. դասակարգի աւարտական հանգրուանի առաջին շաբթուան իր մրցումին 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սանհարիպը (Պի. Էֆ. Էյ.-ը): Մրցումը այնքան դիւրին չէր, եւ ՀՄԸՄ-ի տղաքը աւելի փորձառու ըլլալով կրցան կոլեր նշանակել մրցակիցին դէմ: Մրցակից խումբը շատ գեղեցիկ կազմակերպուած «հասուն» ֆութպոլ կը խաղար, հակառակ անոր որ իր մարզիկները մեծ մասամբ 2009-2010-ի ծնունդ մարզիկներ էին: 20-րդ վայրկեանին Ֆատըլ Ռիտա նշանակեց մրցումին...

Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ Մարզախաղերու Երրորդ Եւ Չորրորդ Օրերու Արդիւնքները

Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ Մարզախաղերու Երրորդ Եւ Չորրորդ Օրերու Արդիւնքները

Անցնող շաբաթավերջին, համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերը յաջողութեամբ շարունակուեցան Արտաշատի եւ Երեւանի մէջ, Հայաստան: Արտաշատի մէջ կատարուեցան աթլեթի մրցումները, ուր ՀՄԸՄ Լիբանան անգամ մը եւս արձանագրեց փայլուն արդիւնքներ` արժանանալով 18 մետալի (6 ոսկի, 7 արծաթ եւ 5 պրոնզ): ՀՄԸՄ Աւստրալիա տիրացաւ 8 մետալի (4 ոսկի, 2 արծաթ, 2 պրոնզ), իսկ ՀՄԸՄ Քանատա (արծաթ), ՀԱՍԿ (պրոնզ) եւ Պաղտատ (պրոնզ) մէկական մետալի: Աթլեթի մրցումներուն փայլեցան...

Ունիվերսիատ. Լիբանան Գրաւեց 9-րդ Դիրքը.  Պրազիլ` Ախոյեան

Ունիվերսիատ. Լիբանան Գրաւեց 9-րդ Դիրքը. Պրազիլ` Ախոյեան

Լիբանանի պասքեթպոլի խումբը, որ մասնակցած էր Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցած «Ֆիսու» աշխարհի համալսարաններու ամառնային խաղերու մրցումներուն, գրաւեց 9-րդ դիրքը: Լիբանան, որ մաս կը կազմէր Դ. խմբակին, իր 9-րդ դիրքի մրցումին 75-72 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լեհաստանը: Յաջորդական երկրորդ մրցումը ըլլալով, ՀՄԸՄ-ի մարզիչ Ճօ Մոժահեսի գլխաւորած խումբը առաջին մասին ետ կը մնար (23-14), երբ ինքզինք գտաւ ու մրցակիցին ալ խաղաոճը գիտցաւ եւ...

Փոխանցումներու Աշխարհէն.  Եոքերեշ Պաշտօնապէս Միացաւ Արսենալին

Փոխանցումներու Աշխարհէն. Եոքերեշ Պաշտօնապէս Միացաւ Արսենալին

Ֆութպոլի 2025-2026 տարեշրջանը քանի մը շաբաթէն պիտի սկսի, եւ բազմաթիւ խումբեր կ՛ուզեն աւելի եւս զօրացնել իրենց կազմերը: Այս ակումբներուն մաս կը կազմէ Արսենալ, որ վերջին տարիներուն լուրջ թեկնածու էր եւ մինչեւ վերջին շաբաթները կը պայքարէր «Փրեմիեր լիկ»-ի տիտղոսին համար, ապա ետ մնալով մեծ մասամբ չար բախտի պատճառով, երբ մեծ թիւով վիրաւոր մարզիկներ կ՛ունենար: Շուէտացի յառաջապահ Վիքթոր Եոքերեշ 63,5 միլիոն սթերլինկ...

Արեւմտեան Ասիոյ Զտումի Մրցումներ.  Լիբանանի Պատանիները Յաղթեցին Իրանին` 88-80 Արդիւնքով

Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ Մարզախաղերու Առաջին Երկու Օրերու Արդիւնքները

Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ մարզախաղերը, 9 մարզաձեւերով, Հայաստանի մէջ ընթացք առին երկու օր առաջ` հինգշաբթի, 24 յուլիսին եւ կը շարունակուին մինչեւ շաբաթ, 2 օգոստոս: Ստորեւ` արձանագրուած արդիւնքներուն պատկերը. Առաջին օր, հինգշաբթի, 24 յուլիսին ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ ՏՂԱՔ Արեւմտեան ՄՆ (2) - Արցախ 100-93 Արեւմտեան ՄՆ (1) - Աւստրալիա (1) 93-78 Արեւմտեան ՄՆ (2) - Արեւելեան Մ.Ն.(1) 69-82 Աւստրալիա (2) - Լիբանան 95-51 ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ ԱՂՋԻԿՆԵՐ...

Դ. Դասակարգի Աւարտական Հանգրուան.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Սանհարիպ

Դ. Դասակարգի Աւարտական Հանգրուան. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Սանհարիպ

Այսօր յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Պհամտունի «Ամին Ապտելնուր» դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Դ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ Սանհարիպի դէմ: Սանհարիպ միջակ մակարդակի խումբ մըն է, որ մեծամասնութեամբ 16-17 տարեկան երիտասարդներէ կը բաղկանայ` Պի. Էֆ. Էյ.-ի ակադեմիայէն: Անիկա Պէյրութի շրջանի Բ. դիրքը գրաւած է եւ փլէյ-օֆի մրցումէ ետք կրցաւ դուրս ձգել Շապապ Պըրժը: Պէյրութի շրջանի ախոյեանութեան,...

Արեւմտեան Ասիոյ Զտումի Մրցումներ.  Լիբանանի Պատանիները Յաղթեցին Իրանին` 88-80 Արդիւնքով

Արեւմտեան Ասիոյ Զտումի Մրցումներ. Լիբանանի Պատանիները Յաղթեցին Իրանին` 88-80 Արդիւնքով

Լիբանանի պատանիներու պասքեթպոլի ազգային խումբը, որ կը մասնակցի Արեւմտեան Ասիոյ զտումի մրցումներուն, առաջին հանգրուանին 84-70 արդիւնքով յաղթած էր Իրանին: Աւարտականին մրցակիցը նոյնն էր եւ յաղթականն ալ, ուր Լիբանան 88-80 արդիւնքով կրցաւ կրկնել յաղթանակը: Երկու խումբերն ալ հասան Ասիոյ բաժակի աւարտական մրցաշարքին, որ տեղի կ՛ունենայ Մոնկոլիոյ մէջ:

Պասքեթպոլ.  Լիբանան – Իրան 105-89

Պասքեթպոլ. Լիբանան – Իրան 105-89

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբը հինգշաբթի գիշեր 105-89 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Իրանը` Պէյրութի միջազգային մրցաշարքի իր երկրորդ մրցումին: Իրան լաւ ձեւով սկսաւ մրցումը, բայց Լիբանան, որ կը պատրաստուի իր հիմնական մարզիկները ընտրելու, ինքզինք գտաւ եւ 11 կէտով ետ մնալէ ետք կրցաւ հաւասարիլ մինչեւ կիսախաղ` 44-44 արդիւնքով: Փայլուն մրցում մըն էր Ամիր Սէուտի, Ժերար Հատիտեանի եւ Տետրիք Լոսընի համար, մինչ Սերժիօ...

Page 106 of 1275 1 … 105 106 107 … 1,275

Արխիւներ