Փարիզ Սեն Ժերմեն որոշած է «ծախել» իր իտալացի բերդապահ Ճիանլուիճի Տոնարուման, անվճար չկորսնցնելու համար զայն, ինչպէս որ պատահեցաւ Քիլիան Էմպափէի պարագային:
25 տարեկան իտալացի բերդապահի պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2026-ի ամրան, եւ Փարիզի ակումբը չ՛ուզեր, որ հարցը նմանի Էմպափէի մեկնումին` Ռէալ Մատրիտ:
Տոնարումա քանի մը անգամ մերժած էր երկարաձգել իր պայմանագրութիւնը` նոյն պահուն կապի մէջ մտնելով Մանչեսթըր Սիթիի եւ Պայերն Միւնիխի հետ: 2020-ի Եւրոպայի ախոյեան բերդապահը 47 մրցում կատարեց անցեալ տարեշրջանին, որոնց 17-ին անառիկ պահած էր իր բերդը` ստանալով 43 կոլ:
Ըստ «Թրանսֆերմարքեթ»-ի, անոր արժէքը կը կազմէ 40 միլիոն եւրօ: