Անգլիոյ աղջկանց ազգային խումբը կիրակի գիշեր Զուիցերիոյ մէջ տօնեց Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան տիտղոսը` փենալթիներով յաղթելէ ետք աշխարհի ախոյեան Սպանիոյ:
Մարզիչ Սարինա Վիկման աղջկանց Եւրոպայի ախոյեան դարձաւ վերջին 3 Եուրոներուն, վերջին 2-ը` Անգլիոյ հետ: Ան նախապէս 2017-ին Նետերլանտներու իր ազգային խումբին հետ շահած էր առաջին Եուրոն: 2022-ին ան Անգլիոյ հետ շահեցաւ առաջին Եուրոն եւ այս տարի Անգլիա իր պատմութեան ընթացքին (տղոց թէ աղջկանց) առաջին անգամ ըլլալով միջազգային կարեւոր մրցաշարք շահեցաւ իր երկրէն դուրս:
Պէտք է ըսել, որ Սարինայի մարզած խումբը քառորդ աւարտականէն մինչեւ աւարտական 3 յաջորդական մրցումներու կրցաւ յաղթել փենալթիներով` Շուէտի, Իտալիոյ եւ Սպանիոյ դէմ:
Չելսիի անգլիացի բերդապահ Հաննա Հեմփթըն զսպեց երկու փենալթիներ Մարիոնա Քալտենթէյի (Սպանիոյ կոլը նշանակած էր) եւ «Պալոն տ՛օր»-ը շահած Այթանա Պոնմաթիի կողմէ, մինչ Սալմա Փարալուելօ դուրս հարուածեց իր փենալթին:
Սպանիա, որ ամբողջ մրցաշարքին միայն 4 վայրկեանով ետ մնացած էր արդիւնքով, չկրցաւ յաղթել Անգլիոյ, որուն յաղթած էր 2023-ի մոնտիալի աւարտականին: Սպանիոյ բերդապահ Քաթա Քոլ իր կարգին զսպեց 2 անգլիական փենալթիներ` խմբապետ Լէա Ուիլամսոնի եւ Պեթ Մէարի կողմէ: Մէարի փենալթին կրկնուեցաւ, որովհետեւ ան երկու անգամ (սխալմամբ) դպած էր գնդակին:
Սարինա Վիկման եղաւ իգական սեռի 8-րդ մարզիչը, որ կը յաղթէր աղջկանց եուրոյին 28 տարուան ընթացքին: