Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբը հինգշաբթի գիշեր 105-89 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Իրանը` Պէյրութի միջազգային մրցաշարքի իր երկրորդ մրցումին:
Իրան լաւ ձեւով սկսաւ մրցումը, բայց Լիբանան, որ կը պատրաստուի իր հիմնական մարզիկները ընտրելու, ինքզինք գտաւ եւ 11 կէտով ետ մնալէ ետք կրցաւ հաւասարիլ մինչեւ կիսախաղ` 44-44 արդիւնքով:
Փայլուն մրցում մըն էր Ամիր Սէուտի, Ժերար Հատիտեանի եւ Տետրիք Լոսընի համար, մինչ Սերժիօ Տարուիշն ալ շատ լաւ ելոյթ ունեցաւ:
Սէուտ 25 կէտ նշանակեց, մինչ Լոսըն (23 կէտ), Ժերար (21 կէտ), Սերժիօ (14 կէտ), Ժիհատ Խաթիպ (8 կէտ), Եուսեֆ Խայյաթ (6 կէտ), Մարք Խուրի (6 կէտ) եւ Ժատ Խալիլ (2 կէտ) նշանակեցին մնացեալ կէտերը:
Առաջին մրցումին 89-79 արդիւնքով յաղթելէ ետք Յորդանանին, Լիբանան Իրանին յաղթեց 105-89 արդիւնքով, նոյնիսկ առանց Ալի Մըզհերի, Ալի Մանսուրի եւ Քարիմ Զայնունի, որոնք գերյոգնութեան պատճառով կը հանգստանան:
Նշենք, որ խումբին պիտի միանան նաեւ Հայկ Կէօքճեան եւ Օմար Ժամալէտտին` մասնակցելու յառաջիկայ ամիս տեղի ունենալիք Ասիոյ բաժակի մրցաշարքին: