Կիրակի, 27 յուլիս 2025-ին ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 90-ամեակի տօնակատարութիւններուն ծիրին մէջ, կազմակերպուած էր Ճատրակի մրցաշարք մը, որ կ՛ընդգրկէր 18 տարեկանէն մինչեւ 8 տարեկան երկսեռ մարզիկներ, ՀՅԴ «Ռուբէն» ակումբի սրահին մէջ:
Կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին սրահ ներկայացան ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի,Պէյրութի եւ Ժտէյտիի մասնաճիւղերէն 18 մարզիկներ իրենց ծնողներուն հետ: Տարիքային դասաւորումներէն ետք մրցաշարքը սկսաւ ժամը 2:20-ին, իրաւարարներն էին` Շրջանային վարչութեան Ճատրակի ներկայացուցիչ Էլի Հուլիշեանը իրեն օգնական ունենալով Անթօ Մարտիկեան, Շարլ Գալուստ եւ Կի Գալուստ:
Մրցաշարքը կ՛ընդգրկէր 5 հանգրուաններ, իւրաքանչիւր հանգրուանի աւարտին խաղցողներուն հաւաքած կէտերը կը գումարուէին իրաւարարներու կողմէ, ապա կ՛անցնէին յաջորդ հանգրուան տարբեր մարզիկի դէմ մրցելով:
Մրցաշարքը աւարտեցաւ ժամը 5:00-ին, եւ իւրաքանչիւր բաժանմունքի մարզիկները, ըլլան անոնք աղջիկ թէ տղայ, որոնք հանդիսացան առաջին, երկրորդ եւ երրորդ, ստացան մետալներ եւ հաստատագիրներ:
Տեղին է յիշել, որ սոյն մրցաշարքին, որուն կրնային մասնակցիլ միայն ՀՄԸՄ-ական քոյրեր եւ եղբայրներ, նպատակն էր իւրաքանչիւր մարզիկի մէջ ամրապնդել ՀՄԸՄ-ականի մարզական բարձր ոգին եւ գիտակցութիւնը` դառնալով անփոխարինելի մասնիկը ՀՄԸՄ-ի կամաւոր բանակին:
Յատուկ շնորհակալութիւն Էլի Հուլիշեանին, որ ճիգ չխնայեց սոյն մրցաշարքի յաջողութեան համար: Մրցաշարքի աւարտին ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի վարչութիւնը յուշանուէրով մը պատուեց Էլի Հուլիշեանը` առ ի երախտագիտութիւն իր տարիներու նուիրումին եւ ծառայութեան:
Կամաւոր բանակի հաստատ քայլերով` դէպի 100-ամեակ:





