Լիբանանի պասքեթպոլի խումբը, որ մասնակցած էր Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցած «Ֆիսու» աշխարհի համալսարաններու ամառնային խաղերու մրցումներուն, գրաւեց 9-րդ դիրքը:
Լիբանան, որ մաս կը կազմէր Դ. խմբակին, իր 9-րդ դիրքի մրցումին 75-72 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լեհաստանը:
Յաջորդական երկրորդ մրցումը ըլլալով, ՀՄԸՄ-ի մարզիչ Ճօ Մոժահեսի գլխաւորած խումբը առաջին մասին ետ կը մնար (23-14), երբ ինքզինք գտաւ ու մրցակիցին ալ խաղաոճը գիտցաւ եւ 20-15, 24-16 յաջորդական 2-րդ եւ 3-րդ մասերուն յաջողեցաւ եւ շահեցաւ մրցումը` պատուաբեր 9-րդ դիրքը գրաւելով:
Ինչպէս նշեցինք, Լիբանան իր խմբակին մէջ զօրաւոր մրցակիցներ ունէր Լիթուանիան, Հարաւային Քորէան եւ Արժանթինը:
Առաջին մրցումին 101-79 արդիւնքով պարտութենէ մը ետք Լիթուանիայէն, Լիբանան 60-44 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Արժանթինը, ապա Հարաւային Քորէայէն 97-85 արդիւնքով պարտուեցաւ:
9-րդէն 16-րդ դասաւորման մրցումներուն Լիբանան իր երեք մրցումներուն ալ յաղթեց Ֆիլիփեան կղզիներուն (73-67) Լաթվիոյ (79-69), ինչպէս նաեւ Լեհաստանի` գրաւելով 9-րդ դիրքը, հակառակ անոր որ Քարլ Քոզահ եւ Պրայըն Մանսուր վիրաւորուած էին մրցաշարքի պահուն:
Այս մրցումներու աւարտականին, Պրազիլ եւ Միացեալ Նահանգներ 80-80 արդիւնքով աւարտելէ ետք 4 մասերը, ստիպուեցան երկարաձգումի դիմել` վճռելու ախոյեանը, որ դարձաւ Պրազիլը: Պրազիլ 14 կէտ նշանակեց 5 վայրկեաններու ընթացքին, մինչ Միացեալ Նահանգներ 8 կէտ կրցաւ նշանակել:
Լիթուանիա 80-70 արդիւնքով յաղթելէ ետք Գերմանիոյ գրաւեց 3-րդ դիրքը:
5-րդ դիրքը գրաւեց Չեխիա, որ 90-65 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հարաւային Քորէան:
7-րդ դիրքը գրաւեց Ֆինլանտա, որ 77-57 արդիւնքով յաղթեց Ռումանիոյ: Լիբանան գրաւեց 9-րդ դիրքը, իսկ 11-րդ դիրքի մրցումին Լաթվիա 97-91 արդիւնքով յաղթեց Թայփէյին:
13-րդ դիրքը գրաւեց Արժանթին, որ 84-71 արդիւնքով յաղթեց Ֆիլիփեան կղզիներուն, մինչ Չիլի գրաւեց 15-րդ դիրքը` յաղթելէ ետք Հնդկաստանին 78-66 արդիւնքով: