Ֆութպոլ կը դիտեմ աւելի քան 40 տարիներէ ի վեր, եւ օրէ օր այդ մէկը կը դառնայ փիլիսոփայութիւն, վերլուծումներ:
Վերջերս բարեկամի մը հետ կը խօսէի ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի յաջողութիւններուն մասին` բաղդատելով անցեալ տարուան եւ այս տարուան խումբերն ու խաղաձեւերը:
Երէկ կը կարդայի Պարսելոնայի բերդապահ Վոյցիչ Չեզնիի մէկ հարցազրոյցը, ուր ան կը քննադատէր գերմանացի մարզիչ Հանզի Ֆլիքի կիրարկած խաչաձեւը: Ան կ՛այպանէր, թէ գերմանացի մասնագէտը իրենցմէ կը պահանջէր անընդհատ ճնշել մրցակիցին վրայ եւ կոլեր նշանակել: 4-5 կոլեր նշանակելէ ետք ալ շարունակել նոյն ընթացքը, բան մը, որ պատճառ կ՛ըլլար մրցակիցի կոլ նշանակելուն, ըստ Չեզնիի:
Վերադառնալով վերլուծումին, տակաւին ոչ մէկ մասնագէտ գտած է, թէ ո՛րն է ճիշդ խաղաձեւը կամ խաղաոճը: Լա՞ւ խաղալ, թէ՞ յաղթել:
Համակիրներուն համար վստահաբար յաղթելը աւելի կարեւոր է, բայց նոյնիսկ եթէ յաղթես, կան համակիրներ, որոնք պիտի քննադատեն, թէ գեղեցիկ ֆութպոլ կ՛ուզեն դիտել:
Եթէ 1980-ականներուն գեղեցիկ ֆութպոլը պէտք էր յաղթէր, վստահ որ Պրազիլը պէտք է աշխարհի ախոյեանը դառնար 1982-ին, 1986-ին կամ 1990-ին:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ անցեալ տարի աւելի գեղեցիկ ֆութպոլ կը խաղար, բայց այս տարի խումբը աւելի արդիւնաւէտ է:
Աւելի ճիշդ ֆութպոլ կը խաղցուէր, բայց ըստ երեւոյթին արդիւնաւէտ չէր այդ մէկը, եւ այս տարի ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ աւելի թաքթիքով ֆութպոլ կը խաղայ, գնդակը կը խլէ մրցակիցէն դաշտին կեդրոնէն:
Միշտ չէ, որ գնդակին երկար ժամանակ տիրապետելով (փոզեշըն) կրնաս մրցակիցին վրայ ազդել: Մրցակից մը կրնայ շատ լաւ թաքթիքով դէմդ խաղալ, գնդակին քիչ տիրապետելով 2-3 փոխանցումներով ու քիչ մարզիկներով հակայարձակումի դիմել եւ կոլեր նշանակել:
Գիտենք Փեփ Կուարտիոլայի խաղաոճը, որ ամբողջովին կը կեդրոնանայ ատոր վրայ` սպասելով մրցակիցի պզտիկ սխալին` կոլ նշանակելու:
Բայց լաւ պաշտպանողական ունեցող խումբեր, որոնք կը դիմանան ճնշումի եւ արագ հակայարձակողական կատարող մարզիկներ անակնկալի կը բերեն իրենց:
Այժմ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կը կիրարկէ շատ յաջող խաղաձեւ մը, որ գետնի վրայ ճիշդ ձեւն է: Արդիւնքը յաղթել է: Այնքան ատեն որ կը յաղթենք, այս է ճիշդ ձեւը եւ պէտք չունինք գնդակին երկար տիրապետելու կամ գեղեցիկ ֆութպոլ ցուցադրելու, երբ մեզի աւելի պէտք է յաղթանակը:
Շարունակենք այս ձեւով` դէպի՛ յաղթանակ:



