Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրաձգութիւն. Հայաստանի Հաւաքականը Ոսկի, Արծաթ Եւ Պրոնզ Մետալներով Վերադարձած Է Եւրոպայի Ախոյեանութենէն

July 30, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի հրաձգութեան հաւաքականը ընդլայնուած կազմով մասնակցած է Ֆրանսայի Շաթորու քաղաքին մէջ տեղի ունեցած վազող թիրախ մրցաձեւի Եւրոպայի ախոյեանութեան:

Ըստ «Արմէնփրես»-ի, վազող թիրախ խառն վազք մրցաձեւին տղոց պայքարը աւարտած է Հայաստանի խումբին յաջողութեամբ: Գոռ Խաչատրեան 385 կէտ հաւաքելով դարձած է Եւրոպայի ախոյեան, իսկ Հայկ Մինասեան 383 կէտ հաւաքելով դարձած է Եւրոպայի փոխախոյեան:

Տղաքը Յովհաննէս Մարգարեանի հետ միասին խմբային դասաւորման մէջ շահած են ոսկի մետալ:

Վեթերաններու վազող թիրախ բնական վազք մարզաձեւի անհատական պայքարին, Հայաստանի հաւաքականի անդամ Արուսեակ Գրիգորեան դարձած է Եւրոպայի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր: Զտումի մրցումներուն Գրիգորեան 559 կէտ հաւաքած է եւ հասած կիսաւարտական: Պրոնզէ մետալի մրցումին ան 8-6 արդիւնքով կրցած է առաւելութիւն ունենալ ուքրանացի իր մրցակիցին վրայ:

Վազող թիրախ խառն վազք մրցաձեւի խմբային պայքարին, Գոհար Յարութիւնեան-Լիլիթ Մկրտչեան – Արուսեակ Գրիգորեան եռեակը 1103 կէտ հաւաքելով դարձած է Եւրոպայի ախոյեան:

Վազող թիրախ բնական վազք մրցաձեւի խմբային մրցումներուն, Գոռ Խաչատրեան – Յովհաննէս Մարգարեան – Հայկ Մինասեան եռեակը 1696 կէտ արդիւնքով դարձած է Եւրոպայի ախոյեան: Գոհար Յարութիւնեան – Լիլիթ Մկրտչեան – Արուսեակ Գրիգորեան եռեակը 1656 կէտ հաւաքելով դարձած է Եւրոպայի փոխախոյեան:

Վազող թիրախ երկսեռ մրցումներուն Յովհաննէս Մարգարեան – Արուսեակ Գրիգորեան զոյգը դարձած է Եւրոպայի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր: Զտումի մրցումներուն Մարգարեան – Գրիգորեան 381 կէտով հասած են կիսաւարտական: Լաւագոյն քառեակի պայքարին անոնք նաեւ 4-6 արդիւնքով պարտութիւն կրած են ուքրանացի զոյգէն, ապա 8-6 արդիւնքով կրցած են պրոնզ մետալի համար մրցումին յաղթելով բարձրանալ պատուոյ հարթակի երրորդ աստիճանին:

Հայաստանի ներկայացուցիչ Այտա Ազատեան ոսկի մետալ շահած է վազող թիրախ բնական վազք մրցաձեւի երիտասարդներու անհատական մրցումներուն, իսկ Լիլիթ Մկրտչեան դարձած է արծաթէ մետալակիր: Զտումի մրցումներուն, Ազատեան 533 կէտ հաւաքած է, իսկ Մկրտչեան` 528, եւ հասած կիսաւարտական: Կիսաւարտականին իրենց մրցակիցներուն յաղթելէ ետք հայ մրցակիցները հասած են աւարտական: Ոսկի մետալի մրցումին, Ազատեան 7-5 արդիւնքով յաղթած է Մկրտչեանին:

Վազող թիրախ խառն վազք մրցաձեւի երիտասարդներու անհատական մրցումներուն, Այտա Ազատեան 369 կէտ հաւաքելով դարձած է Եւրոպայի փոխախոյեան:

 

 

Նախորդը

Բռնցքամարտ. Գեղարքունիքի Մարզի Բռնցքամարտիկները Արծաթ Մետալներով Վերադարձան

Յաջորդը

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 90-Ամեակ. 8-Էն 18 Տարեկաններու Միջեւ Ճատրակի Մրցաշարք

RelatedPosts

Հեծելարշաւ.  Լիբանան Շահեցաւ Իր 5-րդ Պրոնզէ Մետալը
Մարզական

Հեծելարշաւ. Լիբանան Շահեցաւ Իր 5-րդ Պրոնզէ Մետալը

October 15, 2026
Ծանրաբարձութիւն.  Ալեքսանտրա Գրիգորեան` Եւրոպայի Ախոյեան
Մարզական

Ծանրաբարձութիւն. Ալեքսանտրա Գրիգորեան` Եւրոպայի Ախոյեան

October 15, 2026
Ասիոյ «Չեմփիընզ Լիկ».  Ռոնալտօ 981-ի Հասցուց Կոլերու Իր Հաշիւը
Մարզական

Ասիոյ «Չեմփիընզ Լիկ». Ռոնալտօ 981-ի Հասցուց Կոլերու Իր Հաշիւը

October 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.