Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. Լիբանան Շահեցաւ Պէյրութի Միջազգային Մրցաշարքի Բաժակը

Յուլիս 29, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի գիշեր Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբը 87-74 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Եգիպտոսը եւ շահեցաւ Պէյրութի միջազգային մրցաշարքի բաժակը:

Այս մրցաշարքը շատ լաւ պատրաստութիւն եղաւ ազգային խումբին համար, որ յառաջիկայ շաբաթ պիտի մասնակցի Ասիոյ բաժակի մրցաշարքին:

Սերպ մարզիչ Փերիշիչի գործը բաւական դժուար պիտի ըլլայ իր վերջնական 12 մարզիկները ընտրելու առումով:

Այս մրցաշարքէն առաջ եւ նկատի ունենալով Ասիոյ լաւագոյն մարզիկներէն Ուաէլ Արաքժիի վիրաւոր ըլլալը, կը կարծուէր, որ ազգային խումբին վիճակը շատ վատ պիտի ըլլայ, եւ գրեթէ յստակ էին 12 անունները, որոնք կրնան ներկայացնել ազգային խումբը:

Այժմ 4 մրցումներ ետք ազգային խումբը շատ գեղեցիկ պասքեթպոլ հրամցուց համակիրներուն անունով` բարեկամական մրցումներուն կամ փորձ-մրցաշարքին, որ իրապէս պայքարով հարուստ մրցաշարք մըն էր:

Զգալի էր մարզիկներուն ախորժակը, ուր անոնք տուին իրենց առաւելագոյնը` ըլլալու համար այդ 12-ին կողքին:

Խումբին «օտար» Տետրիք Լոսընը, որ «միջակ մարզիկ» կը կոչուէր շատերու կողմէ, Եգիպտոսի դէմ շատ լաւ ելոյթ ունեցաւ` նշանակելով 22 կէտ եւ ձեռք ձգելով 9 ռիպաունտ:

Սերժիօ Տարուիշ 10 կէտ նշանակեց, մինչ խմբապետ Ամիր Սէուտ 16 կէտ աւելցուց:

Ժատ Խալիլ 12 կէտ նշանակեց 4 յաջող 3 կէտնոց կողովներով, մինչ Քարիմ Զայնուն 10 կէտ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Եուսեֆ Խայյաթ իր կարգին 10 կէտ նշանակեց:

Ընտրութիւնը, ինչպէս ըսինք, դժուար պիտի ըլլայ, մանաւանդ որ Զայնունի, Տարուիշի, Լոսընի, Սէուտի, Խալիլի, Ժիհատ Խաթիպի, Եուսեֆ Խայյաթի, Ժերար Հատիտեանի, Ալի Մըզհերի, Քարլ Զամմաթայի կողքին կան մարզիկներ, ինչպէս Հայկ Կէօքճեան, Օմար Ժամալէտտին, Ալի Հայտար, Քարիմ Իզզէտտին եւ Ալի Մանսուր, որոնք իրենց կարգին հրաւիրուած են ազգային խումբ: Շշուկներ կան, որ Ուաէլ Արաքժի նոյնիսկ կրնայ անակնկալ ձեւով ներկայ ըլլալ, բայց.. Չենք գիտեր որքանով ճիշդ կրնայ ըլլալ ատիկա: Տակաւին կայ Մարք Խուէյրին, որ իր կարգին թեթեւ վիրաւոր էր եւ պատրաստ պէտք է ըլլայ Ասիոյ բաժակին:

 

Նախորդը

Ֆիաու 2025. Համլեթ Մանուկեան Ոսկի Մետալակիր

Յաջորդը

Զելենսքի Փութինի Հետ Հանդիպումի Կազմակերպման Հարցին Մէջ Յառաջընթացի Մասին Կը Յայտարարէ

RelatedPosts

2026-ի Մոնտիալի Զտում.  Ֆրանսա Չկրցաւ Յաղթել Իսլանտային
Մարզական

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Ֆրանսա Չկրցաւ Յաղթել Իսլանտային

Հոկտեմբեր 15, 2025
Վեթերաններու Ըմբշամարտ.  Վահրամ Խաչատրեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Ըմբշամարտի «Պունտըսլիկա». Հայաստանի Ըմբիշները Կը Փայլին

Հոկտեմբեր 15, 2025
«Էմ. Էմ. Էյ.»  Ժորա Սահակեան Գլխաւորեց Հայ Մարզիկներու Յաջողութիւնները
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Ժորա Սահակեան Գլխաւորեց Հայ Մարզիկներու Յաջողութիւնները

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?