Լիբանանի պատանիներու պասքեթպոլի ազգային խումբը, որ կը մասնակցի Արեւմտեան Ասիոյ զտումի մրցումներուն, առաջին հանգրուանին 84-70 արդիւնքով յաղթած էր Իրանին:
Աւարտականին մրցակիցը նոյնն էր եւ յաղթականն ալ, ուր Լիբանան 88-80 արդիւնքով կրցաւ կրկնել յաղթանակը: Երկու խումբերն ալ հասան Ասիոյ բաժակի աւարտական մրցաշարքին, որ տեղի կ՛ունենայ Մոնկոլիոյ մէջ:


