Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դ. Դասակարգի Աւարտական Հանգրուան. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Յաղթանակով Սկսաւ

Յուլիս 28, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Դ. դասակարգի աւարտական հանգրուանի առաջին շաբթուան իր մրցումին 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սանհարիպը (Պի. Էֆ. Էյ.-ը):

Մրցումը այնքան դիւրին չէր, եւ ՀՄԸՄ-ի տղաքը աւելի փորձառու ըլլալով կրցան կոլեր նշանակել մրցակիցին դէմ: Մրցակից խումբը շատ գեղեցիկ կազմակերպուած «հասուն» ֆութպոլ կը խաղար, հակառակ անոր որ իր մարզիկները մեծ մասամբ 2009-2010-ի ծնունդ մարզիկներ էին:

20-րդ վայրկեանին Ֆատըլ Ռիտա նշանակեց մրցումին առաջին կոլը, գեղեցիկ յարձակումէ մը ետք, մեծ քառակուսի խուժելէ ետք:

Մրցակից խումբը շատ լաւ փոխանցումներ կը կատարէր եւ հեռուէն հարուածներով կը փորձէր կոլ նշանակել:

45 վայրկեաններ անցած էին, երբ ՀՄԸՄ-ի բերդապահ Պաթրաշ գնդակը ղրկեց դաշտի կեդրոն` Յակոբ Նաճարեանին, որ փոխանցեց Սերժ Օսքեանին, որ իր կարգին 1-2-ն շարունակեց Յակոբի հետ, որ իր ոտքին դուրսի բաժինով տուաւ կեդրոն` Եուսեֆ Համատէին, որ դիւրութեամբ նշանակեց ՀՄԸՄ-ի երկրորդ կոլը:

Տակաւին տօնելու վիճակի մէջ մեր մարզիկները կը կարծէին, թէ իրաւարարը (որ 1 յաւելեալ վայրկեան տուած էր) պիտի սուլէ կիսախաղի սուլիչը, սակայն Մալեք Մաարքեշ գեղեցիկ հարուածով մօտ 20 մեթրէն նշանակեց Սանհարիպի կոլը, կոլ մը, որ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ չէր ստացած անցեալ 11 մայիսէն ի վեր:

Բ. կիսախաղը սկսաւ, եւ հազիւ 4 վայրկեան անցած, Ֆատըլ Ռիտա փոխանցում մը ստացաւ եւ խաղի բերելով մարզիկ մը գնդակը փոխանցեց Սերժ Օսքեանի, որ իր կարգին խաղի բերելով մրցակից մը գնդակը փոխանցեց Ռիտային, բայց հասաւ Տիգրան (Տիգօ) Վարդանին, որուն հարուածը զսպեց… Սանհարիպի բերդի սիւնը, բայց գնդակը վերադարձաւ Սերժին, որ նշանակեց 3-1-ի կոլը:

Մրցումին արդիւնքը մնաց անփոփոխ, բայց վստահաբար Ալեք Ալճեանի կամ Պեզզիի, ինչպէս նաեւ Համատէի փոխարինումները իրենց առողջութիւնը չվտանգելու համար էր: Անոնք ցաւեր զգացած էին, եւ մարզիչը անմիջապէս փոխարինած էր զանոնք:

Ալեք այս տարեշրջանի իր լաւագոյն ելոյթը ունեցաւ եւ ֆիզիքապէս աւելի պատրաստ կ՛իշխէր դաշտին վրայ:

Մենք անհատական շատ լաւ մարզիկներ ունինք եւ փոքր փոփոխութիւններով կրնանք շատ աւելի արդիւնաւէտ խումբ ըլլալ:

Օրինակ` թեքնիքով «հարուստ» Սերժ կամ Տիգօ աւելի լաւ արդիւնք կրնան տալ յառաջապահի ետին խաղալով, ուր փոքր արագ փոխանցումներու վարպետ են: Սերժ կրնայ նոյնիսկ ձախ ծայրի յառաջապահ խաղալ, մինչ անցեալ տարուան կոլ սքորըր Եուսեֆ Համատէ կրնայ խաղալ «թիւ 9» դիրքի վրայ:

Վստահաբար մարզիչը աւելի լաւ գիտէ եւ ինք է, որ պիտի որոշէ լաւագոյնը:

Այս շաբաթ օր Ճիւնիի «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի կատարէ իր երկրորդ մրցումը Շեքքայի դէմ, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին:

Շեքքա իր առաջին մրցումին 3-1 արդիւնքով պարտութիւն կրած էր Լիուաա Սայտայէն:

Լիուաա Սայտա այս շաբաթ պիտի մրցի Ռաուտա Տըքուանէ խումբին դէմ, որ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր Ամալ Սալամ Զղարթայի հետ:

Ամալ Սալամ Զղարթա այս շաբաթ պիտի մրցի Սանհարիպի դէմ:

ՀՄԸՄ-ի համակիրները մրցումի սկիզբը քիչ մը լուռ էին, եւ շեփորախումբը կարծէք… Պէյրութ Ֆըրսթ պասքեթպոլի շեփորախումբին նման սիրային եղանակներ կը նուագէր, բայց յետոյ համակիրները եւ շեփորախումբը մթնոլորտին միացան եւ մարզական ճոխ մթնոլորտ ստեղծեցին:

Նախորդը

Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ Մարզախաղերու Երրորդ Եւ Չորրորդ Օրերու Արդիւնքները

Յաջորդը

Իլհամ Ալիեւի Օգնականը Կրկնած Է Պաքուի Նախապայմանները

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Սաժես Շահեցաւ «Չելենճ Քափ» Տիտղոսը
Մարզական

Պասքեթպոլ. Սաժես Շահեցաւ «Չելենճ Քափ» Տիտղոսը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Բռնցքամարտ.   Կարէն Չուխաջեան Յաղթական
Մարզական

Բռնցքամարտ. Կարէն Չուխաջեան Յաղթական

Հոկտեմբեր 14, 2025
Նիքիթա Սիմոնեան` 99 Տարեկան
Մարզական

Նիքիթա Սիմոնեան` 99 Տարեկան

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?