 Հայաստանի Հանրապետութեան բռնցքամարտի կրտսեր տարիքի պատանիներու ազգային խումբի Գեղարքունիքի մարզը ներկայացնող բռնցքամարտիկները արծաթ մետալներով վերադարձան հայրենիք` մասնակցելէ ետք Սերպիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ախոյեանութեան:

Ըստ «Արմէնփրես»-ի, Գեղարքունիքի մարզի բռնցքամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Գէորգ Սարգսեան յայտնած է, որ միջազգային ախոյեանութեան պատուոյ երկրորդ աստիճանին վրայ կանգնած են Սեւանի մարզադպրոցի սան Կարինէ Դալլաքեան (51 քկ) եւ Մարտունիի մարզադպրոցի սան Էլեն Բարսեղեան (36 քկ):
«Մինչեւ աւարտական մեր կրտսեր տարիքի մարզիկները երկուքական հրաշալի մենամարտեր կատարեցին` հիանալի տպաւորութիւն ձգելով եւ դրսեւորելով յաղթանակի հասնելու կամք ու ձգտում: Յամենայն դէպս, երկու արծաթ մետալներն ալ մենք կը նկատենք լուրջ նուաճում եւ յոյսով ենք, որ Կարինէն եւ Էլենը մեզ կը շարունակեն հիացնել նորանոր յաղթանակներով», ըսած է Սարգսեան: