Ֆութպոլի 2025-2026 տարեշրջանը քանի մը շաբաթէն պիտի սկսի, եւ բազմաթիւ խումբեր կ՛ուզեն աւելի եւս զօրացնել իրենց կազմերը: Այս ակումբներուն մաս կը կազմէ Արսենալ, որ վերջին տարիներուն լուրջ թեկնածու էր եւ մինչեւ վերջին շաբաթները կը պայքարէր «Փրեմիեր լիկ»-ի տիտղոսին համար, ապա ետ մնալով մեծ մասամբ չար բախտի պատճառով, երբ մեծ թիւով վիրաւոր մարզիկներ կ՛ունենար:
Շուէտացի յառաջապահ Վիքթոր Եոքերեշ 63,5 միլիոն սթերլինկ փաունտի փոխարէն վերջապէս ստորագրեց Լոնտոնի տոմարներուն վրայ եւ ներկայ էր երէկ Սինկափուրի մէջ, ուր Արսենալ 3-2 արդիւնքով յաղթեց Նիւքեսըլին:
Այլ շուէտացի մը` Անթոնի Էլանկա, որ վերջին 2 եղանակներուն Նոթինկհամ Ֆորեսթին միացած էր Մանչեսթըր Եունայթըտէն վերադառնաով, իր երկրորդ մրցումը կատարեց Նիւքեսըլի հետ եւ կոլ մը նշանակեց:
Մերինօ նշանակեց հաւասարութեան կոլը, ապա Նիւքեսըլի աջ պաշտպան Ալեքս Մըրֆի (սխալմամբ իր բերդին մէջ) նշանակեց Արսենալի 2-րդ կոլը:
Բ. կիսախաղին այս անգամ Ճէյլոպ Մըրֆի կրցաւ նշանակել Նիւքեսըլի հաւասարութեան կոլը, բայց Արսենալի խմբապետ Մարթին Օտըկաարտ փենալթիով նշանակեց Արսենալի 3-րդ եւ յաղթանակի կոլը:
Այժմ Միքել Արթեթա պէտք է որոշէ, թէ գերմանացի Քայ Հավերթցը ո՛ր դիրքին վրայ խաղցնէ: Հավերթց յառաջապահ դիրքի վրայ կը խաղար երէկ, բայց ան կոլ նշանակելէ անկախ 2 էսիսթ տուաւ առաջին 2 կոլերուն, եւ Արսենալի մարզիչը շատ լաւ գիտէ օգտուիլ Հավերթցի կարողութիւններէն: Թէ Եոքերէշ պիտի մասնակցի՞ Հավերթցի փոխարէն, թէ՞ Հավերթց աւելի օգնական յառաջապահ դիրքի վրայ խաղայ, սպանացի մասնագէտը գիտէ:
Մարթին Սուպիմենտի եւ Քրիսթիան Նորկաարտ իրենց կարգին այս տարեշրջանի նորեկներն են, եւ Արսենալ լուրջ թեկնածու է այս տարեշրջանին, մանաւանդ որ տակաւին Քրիսթըլ Փելեսի մարզիկ Էպերեչի Էզէի վրայ լաւ աշխտանք կը տարուի, եւ Արսենալ պատրաստ է 60 միլիոն սթերլինկ փաունտէ աւելի վճարելու` ձեռք ձգելու ձախ ծայրի յառաջապահը:
Երէկ ոչ պաշտօնական մրցումի մը Պարսելոնա 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Վիսել Քոպէն (Ճափոն):
Շուէտացի ծնունդով սուրիացի հայկական արմատներ ունեցող Ռունի Պարտաղճի իր առաջին ելոյթը ունեցաւ Պարսելոնայի հետ եւ կոլ մը նշանակեց Ռոպերթ Լեվանտովսքիի փոխանցումէն օգտուելով: Բոլորը կը սպասէին Ռունիի ելոյթին, ան 19 տարեկանին հմայեց բոլորը իր արագութեամբ եւ ուժգին հարուածներով:
Պարտաղճի կիսախաղին փոխարինած էր Լամին Եամալը: Պէտք է ըսել, որ Պարսելոնայի մարզիչ Հանզի Ֆլիք իր 11 մարզիկներն ալ փոխարինեց կիսախաղին: Ռաշֆորտ իր կարգին ներկայացաւ դաշտ եւ իր առաջին ելոյթը ունեցաւ Պարսելոնայի հետ: 17 տարեկան Փետրօ Ֆեռնանտես իր կարգին իր առաջին ելոյթին նշանակեց Պարսելոնայի 3-րդ կոլը 87-րդ վայրկեանին: