Այսօր յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Պհամտունի «Ամին Ապտելնուր» դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Դ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ Սանհարիպի դէմ:
Սանհարիպ միջակ մակարդակի խումբ մըն է, որ մեծամասնութեամբ 16-17 տարեկան երիտասարդներէ կը բաղկանայ` Պի. Էֆ. Էյ.-ի ակադեմիայէն: Անիկա Պէյրութի շրջանի Բ. դիրքը գրաւած է եւ փլէյ-օֆի մրցումէ ետք կրցաւ դուրս ձգել Շապապ Պըրժը:
Պէյրութի շրջանի ախոյեանութեան, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը կրցած էր յաղթել Սանհարիպին (2-1), եւ այսօր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կրնայ նոյն ձեւով հանգիստ մրցում մը ունենալ եւ յաղթանակով սկսիլ աւարտական հանգրուանը:
Տղոցմէ կը սպասուի հանդարտ մրցում մը խաղալ, պայքարիլ, բայց առանց աճապարելու, առանց ճնշումի, վայելելով համակիրներու քաջալերանքը:
Համակիրներէն կը սպասուի խիտ շարքերով ներկայանալ դաշտ, մանաւանդ որ անոնց նաեւ տրամադրուած են փոխադրակառքեր, որոնք ժամը 1:30-էն սկսեալ համակիրները պիտի փոխադրեն Պհամտուն` Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակէն, Ռաուտայէն եւ Ֆանարէն:
Սպասուած ժամանակը այսօր կը սկսի, եւ տեղի պիտի ունենան յաջորդական 5 մրցումներ` Սանհարիպի, Շեքքայի, Լիուաա Սայտայի, Ռաուտա Տըքուանէի եւ Ամալ Սալամ Զղարթայի դէմ, ուր տղաքը իրենց 100 տոկոսը պէտք է տան յաղթելու:
Այսօր կեդրոնացումը պէտք է ըլլայ Սանհարիպի վրայ: Դաշտին վրայ 11 մարզիկներ կը ներկայանան իրար դէմ, եւ որ խումբը որ աւելի լաւ պայքարի, գնդակ փոխանցէ, քիչ սխալ կատարէ եւ առիթներէն օգտուի, ինք է, որ կը յաղթէ: Դիւրին մրցակից չկայ, բայց երբ դուն լաւ խաղաս, բոլոր մրցումներն ալ դիւրին կրնան թուիլ: Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր:
Նոյն ժամուն, Ռաուտա Տըքուանէ պիտի մրցի Ամալ Սալամ Զղարթայի դէմ, եւ Շեքքա` Լիուաա Սայտայի դէմ: