Գերմանական Էսեն քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Համաշխարհային համալսարանական ամառնային խաղերուն (ՖԻԱՈՒ 2025) մարմնամարզութեան Եւրոպայի ախոյեան Համլեթ Մանուկեան դարձաւ ոսկի մետալակիր:
Մանուկեան նժոյգի վարժութեան աւարտականին 14,933 կէտ ձեռք ձգեց եւ դարձաւ մրցաշարքի ախոյեան:
Նոյն վարժութեան Հայաստանի միւս ներկայացուցիչը` Մամիկոն Խաչատրեան, իր կարգին հասաւ աւարտական հանգրուան, բայց 7-րդ դիրքը գրաւեց: