Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դ. Դասակարգի Աւարտական Հանգրուան. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Շեքքա

August 2, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վաղը ժամը 16:00-ին, Ճիւնիի «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Դ. դասակարգի աւարտական հանգրուանի իր երկրորդ մրցումը պիտի կատարէ Շեքքայի դէմ:

Անցեալ շաբաթ 3-1 արդիւնքով յաղթած ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ անպայման յաղթանակի համար դաշտ պիտի ներկայանայ մրցակիցի մը դէմ, որ անցեալ տարուան աւարտական հանգրուանի առաջին մրցակիցն էր: Արդարեւ, 11 մայիս 2024-ին ՀՄԸՄ 2-0 արդիւնքով յաղթած էր Շեքքային` մրցումի վերջին վայրկեաններուն:

Այս տարի խումբին խաղաոճը բոլորովին փոխուած է, եւ խումբը աւելի արդիւնաւէտ խաղարկութիւն կը ցուցաբերէ: Խումբին ուժը դաշտին կեդրոնէն կը սկսի, ուր պաշտպանելու պահուն տղաքը շատ լաւ ձեւով կը փակեն մրցակիցին ելքերը եւ անմիջապէս կ՛անցնին հակայարձակողականի:

Առջեւը Սերժ-Եուսեֆ-Ֆատըլ-Տիգօ քառեակը շատ լաւ ձեւով կը հասկնան զիրար մրցակիցի պաշտպաններուն գլուխը դարձնելով:

Հետաքրքրականը այն է, որ Բ. կիսախաղին, երբ սկսին փոխարինումները` Քարլոս Թոմաս, Էլի Փիլաւճի, Ալի Ֆահս Հիւսէյն Զալլազէ կամ Իպրահիմ Մուսաուի, խումբին մակարդակը բնաւ չի փոխուիր, եւ նոյն խաղաոճը կը շարունակուի:

Երբ խումբ մը պիտի ունենաս բարձր մակարդակի ֆութպոլ խաղալու, ճիշդ այս կէտերուն մէջ զօրաւոր պէտք է ըլլայ անիկա` բնաւ չազդուելով փոխարինումներէն կամ պահեստի մարզիկներէն:

Յոյսով, որ տղաքը հանգիստ մրցում մը կ՛ունենան վաղը եւ յաղթանակ մը կերտելով կ՛անցնին կեդրոնանալու յաջորդ մրցումին վրայ:

Համակիրներէն կը սպասուի 90 վայրկեան քաջալերանք` օգնելու տղոց, որ աւելի խանդավառ խաղան եւ մրցակիցին վրայ ճնշելու` սխալներ գործելու համար:

Համակիրներուն համար ինչպէս ամէն շաբաթ տրամադրուած են փոխադրակառքեր, որոնք Ֆանարի, Ռաուտայի եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակէն յետմիջօրէի ժամը 14:00-էն սկսեալ մարզասէրները պիտի փոխադրեն Ճիւնիի դաշտ:

 

Նախորդը

Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ Մարզախաղերը Այսօր Կ՛աւարտին Մեծ Յաջողութեամբ

Յաջորդը

Այվազովսքիի Արձանը Քանդելէ Ետք. Պաքու Պահանջած Է, Որ ԹԱՍՍ Ներողութիւն Խնդրէ Ստեփանակերտ Անունը Օգտագործելուն Համար

RelatedPosts

«Պալոն Տ՛օր-ի Քուէարկութեան Հետքերով…
Մարզական

«Պալոն Տ՛օր-ի Քուէարկութեան Հետքերով…

November 4, 2026
Ֆութսալ.  Եունիսփորթ Բաւական Լաւ Փորձառութիւն Ունեցաւ Իր Առաջին «Չեմփիընզ Լիկ»-ին
Մարզական

Ֆութսալ. Եունիսփորթ Բաւական Լաւ Փորձառութիւն Ունեցաւ Իր Առաջին «Չեմփիընզ Լիկ»-ին

November 4, 2026
17 Տարեկանէն Վար Մոնտիալ.  Այսօր` Կիսաւարտականի Մրցումները
Մարզական

17 Տարեկանէն Վար Մոնտիալ. Այսօր` Կիսաւարտականի Մրցումները

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.