ՖԻՏԷ-ի վարպետ Սարգիս Սարգսեան Հնդկաստանի մէջ տեղի ունեցող սահմանափակ կարողութիւններ ունեցող մարդոց ճատրակի 2025 աշխարհի անհատական ախոյեանութիւնը շահեցաւ:
Ըստ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի մամլոյ ծառայութեան, Սարգիս Սարգսեան ոչ մէկ պարտութիւն կրած է` իր 9 մրցումներուն ձեռք ձգելով 7,5 կէտ:
. ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ վարպետ Ռուդիկ Մակարեան շահեցաւ ճատրակի Մոսկուայի բաց միջազգային մրցաշարքը:
Ռուդիկ կարելի 9 կէտերէն 8,5 կէտ ձեռք ձգած է` 1,5 կէտով գերազանցելով իր ամէնէն մօտ մրցակիցը:
Ասիկա Մոսկուայի բաց 21-րդ մրցաշարքն էր, ուր մասնակցեցան հազարէ աւելի մասնակիցներ 8 տարբեր երկիրներէ:
Ռուդիկ Մակարեան, որ Վրաստան ծնած է, Ռուսիոյ եւ Հայաստանի ֆետերասիոնի հովանիին տակ կը խաղար: Ան միջազգային վարպետի կոչում ստացած էր 2019-ին: Նոյն տարին ան դարձած էր երիտասարդներու (16 տարեկանէն վար) աշխարհի ախոյեան:
2020-ին Մակարեան դարձաւ Ռուսիոյ երիտասարդներու ախոյեան (21 տարեկանէն վար): Ան տաղանդաւոր է մանաւանդ կայծակնային եւ արագ ճատրակի մրցումներուն: Ան կայծակնային դասաւորման մէջ 2600 կէտերու հասաւ, զինք դասելով լաւագոյն երիտասարդ մարզիկներէն մէկը:
2025-ին ան պրոնզ մետալ շահեցաւ Ասիոյ Պլիթց (կայծակնային) ախոյեանութեան, որ տեղի ունեցաւ Այնի մէջ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: