Հայաստանի ծանրաբարձութեան պատանիներու հաւաքականի անդամ Գրիգոր Ղազարեան դարձաւ Եւրոպայի պատանիներու ախոյեան` նուաճելով երեք ոսկի մետալ եւ սահմանելով քանի մը մրցանիշ:
Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ախոյեանութեան, 84 քկ կշիռի մրցումներուն մասնակցող Ղազարեան 140,145 եւ 148 քկ բարձրացուց արաշէի մրցումներուն: Վերջին կշիռքը (148 քկ) Եւրոպայի նոր մրցանիշ է պատանիներու կարգին մէջ:
Էփոլէ-ժըթէի մրցումներուն, Ղազարեան սկսաւ 180 քկ կշիռքով սահմանելով Եւրոպայի նոր մրցանիշ արաշէի նման, ինչպէս նաեւ երկամարտի հաշուով:
Յաջորդ երկու փորձերուն ան բարելաւեց իր մրցանիշը` երկու անգամ բարձրացնելով 185 եւ 190 քկ:
338 քկ ընդհանուր հաշուով Գրիգոր Ղազարեան դարձաւ 2025-ի պատանիներու Եւրոպայի ախոյեան:


