Հայաստանի ախոյեան եւ բաժակակիր Նոա «Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ լիկ»-ի զտումի Բ. հանգրուանին չկրցաւ յաղթել Ֆերենցվարոշին այս վերջինիս դաշտին` Հունգարիոյ մէջ:
Առաջին վայրկեանէն սերպ յառաջապահ Ալեքսանտր Պեշիչ նշանակեց Ֆերենցվարոշի առաջին կոլը:
Նոայի փորթուգալցի յառաջապահ Հելտեր Ֆերէյրա 7-րդ վայրկեանին նշանակեց հաւասարութեան կոլը: 5 վայրկեան ետք, այս անգամ ֆրանսացի Լենի Եոզեֆ նշանակեց հունգարական ակումբին 2-րդ կոլը:
Պրազիլցի Մաթէուս Այաս 22-րդ վայրկեանին նշանակեց Նոայի 2-2-ի կոլը: 52-րդ վայրկեանին բերդապահ Չանչարեւիչէն փենալթի մը շահելէ ետք, նորվեկիացի միջնապահ Քրիսթոֆեր Զաքարիասեն փենալթին նշանակեց Ֆերենքվարոշի 3-րդ կոլը, հակառակ անոր որ Չանչարեւիչ փորձեց զսպել եւ դպաւ ուժգին հարուածած գնդակին: 71-րդ վայրկեանին խրուաթ յետսապահ Ալեն Կրկիչ անգամ մը եւս նշանակեց Նոայի հաւասարութեան կոլը` պայքարով հարուստ այս մրցումին:
Սակայն 74-րդ վայրկեանին հունգարացի յառաջապահ Պարնապաշ Վարկա նշանակեց Ֆերենցվարոշի յաղթական կոլը:
Երթին Երեւանի մէջ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն կրած Նոա դուրս մնաց «Չեմփիընզ լիկ»-ի զտումի մրցումներէն եւ պիտի շարունակէ «Եուրոփա լիկ»-ի զտումի Գ. հանգրուանը:
Նոայի մրցակիցը պիտի ըլլայ Ճիպրալթարի Լինքոլն Ռետ Իմփսի խումբը, որ իր կարգին դուրս մնացած էր Սերպիոյ ախոյեան Կարմիր Աստղ Պելկրատէն (0-1,1-5) «Չեմփիընզ լիկ»-ի զտումի Բ. հանգրուանէն:
Կարմիր Աստղ Պելկրատէն ամբողջ մրցումին իր մասնակցութիւնը բերաւ Նայիր Թիքնիզեան, որ քանի մը շաբաթ առաջ միացած էր Պելկրատի ակումբին` լքելէ ետք Լոքոմոթիւ Մոսկուան:
Հայաստանի ազգային խումբէն այլ մարզիկ մը` Տիգրան Բարսեղեան, իր ակումբին` Սլովան Պրաթիսլաւայի հետ անցաւ Գ. հանգրուան, երբ դարձի մրցումին 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Զրինսքիի հետ: Պոսնիոյ ախոյեան Զրինսքի 2 կոլ նշանակեց 72-րդ եւ 76-րդ վայրկեաններուն, բայց Բարսեղեանի փոխանցումէն օգտուելով Տաւիտ Շթրելեք նշանակեց Սլովանի առաջին կոլը եւ աւելի ուշ 2-2-ի կոլը: Երթին Սլովաքիոյ մէջ Սլովան 4-0 արդիւնքով յաղթած էր, ուր Բարսեղեան կոլ մըն ալ նշանակած էր: