Սերպիոյ մէջ տեղի ունեցած դպրոցականներու բռնցքամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն արտառոց դէպք մը պատահած է:
Ազրպէյճանցի մարզիչ մը փորձած է խեղդել իրաւարարը` դժգոհ մնալով անոր որոշումէն:
Միջադէպը տեղի ունեցած է ազրպէյճանցի Եուսիֆ Աշաքիշիեւի եւ սերպ Վիքթոր Մայսթորովիչի միջեւ մենամարտի պահուն: Աշաքիշիեւի մարզիչը խուժած է «ռինկ» եւ յարձակած իրաւարարին վրայ: Իրաւարարը ազատելու համար մեծ թիւով մարդիկ մուտք գործած են «ռինկ` հեռացնելու վայրի գազանի վերածուած անզսպելի մարզիչը:
Այս միջադէպին հետեւանքով սերպ Մայսթորովիչ ինքնաբերաբար դարձած է Եւրոպայի ախոյեան, մինչ ազրպէյճանցի մարզիկն ու մարզիչը հեռացուած են մրցաշարքէն:
Ըստ երեւոյթին արդար ձեւով յաղթելը դժուար եղած էր եւ մարզիչը փորձած էր… «հերոս» դառնալ: