Երեքշաբթի օր, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց իր 12 մարզիկներուն անունները, ուր անակնկալ էր անցեալ յունիսին վիրաւորուած Ուաէլ Արաքժիի վերադարձը. վերջինս ուսի ոսկորի գործողութենէ ետք շատ արագ ձեւով ապաքինած եւ փորձերու սկսած էր` մասնակցելու 5 օգոստոսին տեղի ունենալիք Ասիոյ բաժակի մրցաշարքին:
Անշուշտ Ասիոյ լաւագոյն մարզիկներէն Ուաէլ Արաքժի իր լաւագոյն վիճակին մէջ կրնայ չըլլալ, բայց վստահաբար իր ներկայութիւնը շատ կ՛օգնէ խումբին, որ անցեալ շաբաթ Պէյրութի միջազգային մրցաշարքին շատ լաւ ելոյթ ունեցաւ:
Խումբէն դուրս մնացին Ժիհատ Խաթիպ, Ժատ Խալիլ, Քարլ Զամմաթա, Մարք Խուէյրի «Պոպօ» եւ Մարք Խուրի:
Ստորեւ կը ներկայացնենք ընտրուած 12 մարզիկները.
– Ալի Մըզհեր (1,80 մեթր, փոյնթ կարտ)
– Ալի Մանսուր (1,85 մեթր, փոյնթ կարտ)
– Ուաէլ Արաքժի (1,93 մեթր, փոյնթ կարտ)
– Ամիր Սէուտ (1,86 մեթր, շութինկ կարտ)
– Քարիմ Զայնուն (1,88 մեթր, շութինկ կարտ)
– Օմար Ժամալէտտին (1,91 մեթր, կարտ)
– Սերժիօ Տարուիշ (1,95 մեթր, կարտ)
– Եուսեֆ Խայյաթ (2,05 մեթր, Սմոլ Ֆորուըրտ)
– Հայկ Կէօքճեան (2,03 մեթր, փաուըր ֆորուըրտ սենթըր)
– Ժիրար Հատիտեան (2,01 մեթր, փաուըր ֆորուըրտ/սենթըր)
– Ալի Հայտար (2,03 մեթր, սենթըր)
– Տետրիք Լոսըն (2,06 մեթր, սենթըր)