Սլովենիացի Լուքա Տոնչիչ 3 տարիով երկարաձգեց Լոս Անճելըս Լէյքըրզի հետ իր պայմանագրութիւնը:
Տոնչիչ 165 միլիոն ամ. տոլարի փոխարէն իր ապագան Լոս Անճելըսի մէջ պիտի անցընէ:
Անցեալ փետրուարին Լէյքըրզին միացած Տոնչիչ մասնակցեցաւ անոր 28 մրցումներուն:
«Շատ շնորհակալ եմ Լէյքըրզի միութեան, իմ խմբակիցներուս եւ համակիրներուն` ինծի եւ իմ ընտանիքիս նեցուկ կանգնելնուն եւ լաւ ընդունելութեան համար առաջին օրէն իսկ: Այս միութիւնը մեծ ծրագիր ունի, եւ կը հաւատամ, որ միասնաբար կրնանք ախոյեանութեան տիտղոս ձեռք ձգել մօտիկ ապագային` հպարտ պահելով «Լէյքըրզ ազգ»-ը: Ասիկա պարզապէս սկիզբն է, ուր մեծ կառոյց կը պատրաստուի` ապագային», ըսաւ Տոնչիչ:
«Այսօր Լէյքըրզի պատմական օրերէն մէկն է: Լուքայի ապագան Լէյքըրզի հետ է: Ան «Էն. Պի. Էյ.»-ի լաւագոյն աստղերէն մէկն է, եւ իր դաշտին մէջ ունեցած գերակայութիւնը եւ մղիչ ուժը անբաղդատելի են», ըսաւ Լէյքըրզի մարզական տնօրէն Ռոպ Փելինքա: