Փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ ըստ երեւոյթին կը շարունակէ ազդել այլ աստղերու Սէուտական Արաբիա ժամանման վրայ:
Փորթուգալցի միջնապահ Ժոաօ Ֆելիքս եղաւ յաջորդ աստղը, որ միացաւ սէուտական «Նասր» ակումբին եւ պայմանագրութիւն ստորագրեց մինչեւ 2027-ի յունիս: Ֆելիքս պիտի միանայ իր ազգակից Ռոնալտոյին` լքելէ ետք Չելսին, որ արդէն զայն փոխ տուած էր Ա. Սէ. Միլանին անցեալ տարեշրջանի երկրորդ մասին: Անոր փոխանցման արժէքը 30 միլիոն եւրօ պիտի ըլլայ, սակայն պոնիւսներով եւ հետագայ վերավաճառման եկող տոկոսի հաշիւով գումարը մօտ 50 միլիոն եւրոյի կը հասնի:
Ան «Սերի Ա.»-ի մէջ 15 ելոյթ ունեցած է Միլանի ակումբին հետ` նշանակելով 2 կոլ:
25 տարեկան Ֆելիքս 2018-2019 տարեշրջանին փայլելէ ետք Պենֆիքայի հետ կրցած էր 2019-էն 2024 Աթլեթիքօ Մատրիտի հետ 96 մրցումներ կատարելով 25 կոլեր նշանակել: Ան փոխ տրուած էր Չելսիի, Պարսելոնայի եւ Միլանի, Չելսիի հետ վերջնական ստորագրելէ ետք, հակառակ անոր որ ան այդքան ալ լաւ ելոյթներ չունեցաւ Անգլիոյ եւ Իտալիոյ մէջ:
2019-էն Փորթուգալի ազգային խումբին հետ 45 մրցումներ կատարած Ֆելիքս 9 կոլ նշանակած է ազգային խումբի շապիկով: