Սլովաքիոյ ախոյեանութեան երկրորդ հանգրուանին, ախոյեան Սլովան Պրաթիսլաւա 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Փոտպրեզովայի խումբը` ձեռք ձգելով տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը:
Պրաթիսլաւայի հետ փայլեցաւ Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահ Տիգրան Բարսեղեան, որ նշանակեց կոլ մը եւ կատարեց էսիսթ մը:
. ՌՈՒՍԻՈՅ մէջ, ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին գծով ախոյեան Կրասնոտար 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Տինամօ Մոսկուան:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց քոլոմպիացի Ճոն Քորտոպա` Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահ Էտուարտ Սփերձեանի փոխանցումէն օգտուելով: Խմբապետ Սփերձեան, որ 3 մրցումներու ընթացքին 1 կոլ նշանակած է եւ կատարած 4 էսիսթ, կը շարունակէ փայլիլ իր ակումբին հետ, որ անցեալ տարեշրջանին իր պատմութեան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով դարձած էր Ռուսիոյ ախոյեան:
. ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ բաժակի մրցաշարքի 1/8-րդ աւարտական մրցումին, Պելկրանօ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ինտիփենտիենթէն եւ հասաւ քառորդ աւարտական:
Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահ Լուքաս Զելարայեան նշանակեց Պելկրանոյի 2-րդ կոլը` 71-րդ վայրկեանին:
. ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ եւ Կեդրոնական Ամերիկայի լիկայի բաժակի մրցաշարքին, Քոլոմպուս Քրու 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Փուեպլան:
Ուրուկուէյահայ Տիեկօ Ռոսսի Մարաշլեան առաջին կոլին էսիսթ տալէ ետք (14-րդ վայրկեանին) 16-րդ վայրկեանին նշանակեց Քոլոմպուսի 2-րդ կոլը: